Բաղադրիչներ
– 2 1/4 գաւաթ ալիւր
– 1 1/4 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
– 1/4 թէյի դգալ աղ
– 1 թէյի դգալ փոշի կասիա
– Կէս գաւաթ կարագ (սենեակի ջերմաստիճանով)
– 1 գաւաթ շաքար
– 1 հաւկիթ
– 2 ապուրի դգալ նարինջի հիւթ
– Վանիլլա
– 1 հաւկիթի դեղնուց, 1 ապուրի դգալ հեղուկ կաթ կամ ջուր (երեսը ծեփելու համար):
Պատրաստութիւն
Փուռը տաքցնել 180 ջերմաստիճանով, ափսէին յատակը ծածկել յատուկ թուղթով:
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը, աղն ու կասիան:
Երկրորդ ամանի մը մէջ հարիչով զարնել հաւկիթը, նարինջի հիւթը, կարագը եւ վանիլլան, ապա քիչ-քիչ աւելցնել ալիւրով խառնուրդը:
Ստացուած խմորը փոքրիկ գունդերու բաժնել, ափսէի մը վրայ շարել եւ 10-15 վայրկեան սառնարանը պահել, ապա ձեւաւորել՝ ըստ ճաշակի:
Ձեւաւորուած կրկնեփները շարել փուռի ափսէին վրայ, իւրաքանչիւրին երեսը ծեփել հաւկիթի եւ կաթի խառնուրդով:
Ամանի մը մէջ խառնել շաքարն ու կասիայի փոշին: Խառնուրդը ցանել կրկնեփներուն վրայ:
Ափսէն փոխադրել նախապէս տաքցուած փուռը եւ եփել 11-13 վայրկեան, մինչեւ որ երեսները ոսկեգոյն դառնան: