Օրերս աշխատանքային այցով Հայաստան կը գտնուի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութիւնը, որպէսզի իր գործնական աշխատանքներուն առընթեր գտնուի իր հայրենի ժողովուրդին կողքին եւ իր յարգանքի տուրքը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն մեր սրբացած զոհերու յիշատակին։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 20-22 Ապրիլ 2022-ին գումարեց իր եռօրեայ լիագումար ժողովը ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան կեդրոնէն ներս եւ ծրագրեց հայրենի իր անմիջական աշխատանքները։
Կարեւոր այս աշխատանքներուն առաջինը հայրենիքի պաշտպանութեան մարտերուն վիրաւոր զինուորներու բուժման նպաստող Ախտորոշման Տարրալուծարանի բացումն էր, որ տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 22 Ապրիլ 2022 կէսօրէ ետք ժամը 1-ին, «Հայրենիքի Պաշտպան Վերականգնողական կեդրոն»-ին մէջ, մեծ թիւով ՀՕՄ-ուհիներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ։ Տարրալուծարանի հովանաւորութիւնը սիրայօժար ստանձնած են Հայ Օգնութեան Միութիւնն ու One Armenia կազմակերպութիւնը։ Բժշկական խիստ կարեւոր սարքերով օժտուած էական այս սենեակը անուանուեցաւ նահատակ ազատամարտիկ, ՀՕՄ-ի մօտիկ բարեկամ տոքթ. Նորայր (Նորիկ) Շահպազեանի անունով. անձնաւորութեան մը, որ միշտ եղած էր ՀՕՄ-ի կողքին եւ մասնակցած էր Արցախի պաշտպանական բոլոր մարտերուն եւ հոգացած իր զինակից ընկերներու բժշկական կարիքները։
Հանդիսաւոր այս բացման արարողութեան իրենց սրտի խօսքը արտասանեցին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Զոյա Քոչարեան, One Armenia կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Անահիտ Նազարեան, Վերականգնողական կեդրոնի պատասխանատուներ՝ տոքթ. Արմէն Մուրատեան եւ Հայկուհի Մինասեան։
Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ ընդգծեցին տարրալուծարանի կարեւորութիւնը քաջարի հայ զինուորներու բժշկութեան մէջ եւ խոստացան միշտ զօրավիգ կանգնիլ անոնց։ Ապա, ներկաները մէկ առ մէկ մօտեցան սրահի մէջ տեղադրուած բժշկական սարքերուն եւ ծանօթացան անոնց արդիւնաւէտ մանրամասնութիւններուն։ Փոքրիկ հիւրասիրութենէ ետք, ներկաները սրտի մեծ գոհունակութեամբ հեռացան կեդրոնէն, վիրաւոր հայ զինուորին իրենց օգտակար ծառայութիւնը շարունակելու վճռակամութեամբ։
Շաբաթ, 23 Ապրիլի յետմիջօրէին, ՀՕՄ-ի կեդրոնական եւ Հայաստանի Շրջանային Վարչութեանց կազմակերպութեամբ ՀՕՄ-ի հայրենի մասնաճիւղերէն կազմուած պատուիրակութիւն մը այցելեց Եռաբլուր եւ մասնակցեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի պաշտպանական մարտերուն զոհուած մեր քաջարի զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար կատարուող հոգեհանգստեան պաշտօնին։
Ապա, Կեդրոնական վարչութիւնը ծաղկեպսակ զետեղեց Եռաբլուրի մուտքին տեղադրուած անհետ կորած հայ զինուորի յուշարձանին առաջ եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմին։ ՀՕՄ-ուհիները ծունկ մը աղօթք կատարեցին եւ խունկ վառեցին հայութեան եւ յատկապէս հայ կնոջ պարծանքը հանդիսացող այն ֆիտայիին անթառամ յիշատակին, որ ամուսնոյն՝ Սերոբի կողքին, իր երկու կորիւններով քաջաբար կռուեցաւ յանուն հայրենիքի ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան։
«Այս Սրբավայրին մէջ կը ննջեն երկու սերունդներ։ 90-ականներու քաջարի սերունդը, որ յաղթանակներ պարգեւեց մեզի, իսկ երկրորդը՝ 44-օրեայ պատերազմի սերունդը, որ քաջաբար դիմադրելով թշնամիին փորձեց պաշտպանել Արցախն ու Հայաստանը։ Մենք պարտաւոր ենք շարունակել անոնց կիսատ թողած ազգային պարտականութիւնը, միշտ անթառամ պահելով մեր նահատակներու յիշատակը», շեշտեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեանը։
Այնուհետեւ ՀՕՄ-ուհիները Իրենց իտէալը հանդիսացող Սօսէ Մայրիկի շիրիմին շուրջ ոգեւորութեամբ խմբերգեցին «Մենք Ուխտեալներ Հայ Օգնութեան սուրբ գործին» ՀՕՄ-ի քայլերգը եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը՝ օգտակար հանդիսանալու մեր ազգին ու հայրենիքին։ Սօսէ Մայրիկի շիրիմին հրաժեշտ տալէ ետք ՀՕՄ-ուհիները այցելեցին մեր հին ու նոր նահատակներու շիրիմները եւ իրենց հպարտանքն ու յարգանքը աղօթքով մատուցեցին անոնց։
ՀՕՄ-ուհիներու յաջորդ հանգրուանը եղաւ Պռոշեանի Նահատակաց պանթէոնը, ուր եւս կը ննջեն Արցախի ազատագրական մարտերուն մասնակից մեր հին ու նոր հերոսները։ ՀՕՄ-ուհիները աղօթեցին, խունկ վառեցին եւ ծաղիկներ դրին մեր նահատակներու շիրիմներուն վրայ եւ մխիթարական խօսքերով զրուցեցին պանթէոն գտնուող անոնց հարազատներուն հետ։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով սրտի խօսք փոխանցեց Նորա Սեւակեանը, որ վեր առնելով մեր նահատակներու խիզախութիւնը, հայրենասիրութեան ոգին եւ արեան գնով հայրենի հողը պաշտպանելու պատրաստակամութիւնն ու նահատակութիւնը, իր հպարտանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց նահատակներու մայրերուն, որոնք նման հերոսներ պարգեւած են հայ ժողովուրդին։
Օրը երկար էր եւ յուզիչ, սակայն առաւել հայրենասիրութեամբ լեցուած ՀՕՄ-ուհիները, նոյն օրը երեկոյեան մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան կազմակերպած ջահերով երթին, առանց յոգնութեան մղոններ քալեցին եւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակին շուրջ ծաղիկներ դնելով յարգեցին յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն սրբացած անմեղ նահատակներուն։
ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքը միշտ պատնէշի վրայ է եւ անշահախնդրօրէն կը ծառայէ իր ժողովուրդին՝ հայրենիքէն ներս թէ դուրս։ Աշխարհաձրիւ ՀՕՄ-ը իր օժանդակութեան ձեռքը կ’երկարէ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին։ ՀՕՄ-ի համար սակայն ամենաթանկագինը հայրենիքի կանչն է, որ երբեք անպատասխան պիտի չմնայ, ի գին ամէն զոհողութեան, որովհետեւ ՀՕՄ-ը ծնունդ առած է իր ժողովուրդի ծոցէն, իր իսկ ժողովուրդին ծառայելու համար «Մինչեւ ծագի արդարութեան վառ արփին»։
Երկուշաբթի, 25 Ապրիլին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առողջապահական կեդրոնն ու Ծննդատունը, ուր մօտէն ծանօթացաւ կեդրոնի մանրամասնութիւններուն, բժշկական արդիական սարքերուն, տարուող օգտակար աշխատանքներուն, շնորհաւորեց նորածիններու մայրերը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց անձնակազմին, իր տարած բծախնդիր ու արդիւնաւէտ աշխատանքներուն համար։
Ապա, պատուիրակութիւնը այցելեց Գիւմրիի «Շիրուանեան» կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն ՀՕՄ-ի եւ ՀԵՄ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ, ականջալուր եղաւ անոնց գործունէութեանց եւ խրախուսեց զանոնք իրենց հայրենանուէր գործունէութեան համար։ Այնուհետեւ անոնք մեկնեցան Չէրքէզի Ձոր, ուր Ծննդատան գլխաւոր բժիշկներուն հետ մտերմիկ ճաշ մը ունենալէ ետք, լսեցին անոնց ներկայացուցած ծննդատան ապագայ ծրագիրները եւ օգտակար քննարկումներ կատարեցին անոնց շուրջ։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան գործնական աշխատանքները կը շարունակուին։ Յաջորդ հանգրուանը Արցախն է։ Հետեւեցէ՛ք մամուլին։
Մարօ Քէշիշեան