Սիրտս խոցուած, հոգիս տրտմած
Չարին նետէն վիրաւորուած
Մեղքի լուծէն բեռնաւորուած
Կեղծ աշխարհէն յաճախ յոգնած
Քեզմով կ’ըլլամ մխիթարուած
Աստուածածին կոյս ընտրուած:
Մսուրէն խաչ վիշտեր կրած
Կանայի մէջ հրաշք խնդրած
Շնորհալի հանդիսացած
Խօսքէն անդին՝ գործի լծուած
Հաւատքով ալ միշտ վկայուած
Խօսուն օրհներգ հեղինակած:
Սրբադրոշմ հետքով քալած
Վաւերական կտակ սեպուած
Պատուանունդ խնկարկուած
Բնաւ մինակ չեմ անկասկած
Դուն կաս իբրեւ մայր երանուած
Անմար սիրով ջահաւորուած:
Խորաններէն ճառագայթած
Սուրբ նարեկով խոստովանուած
Մեծարանքի արժանացած
Շարականով յիշատակուած
Տօնելի ես՝ սրբադասուած
Ուխտի տապան յայտարարուած:
Գովելի մայր, քեզի կառչած
Օրինակէդ ներշնչուած
Օծուն կեանքէդ դասեր քաղած
Կը սորվինք մենք պաշտել զԱստուած
Ապրիլ խոնարհ եւ երկիւղած
Քրիստոսով վայելչացած:
Աստուածածին վերափոխուած
Բարեխօսող, գութ շռայլած
Խնդրէ Տէրէն մեծ, ողորմած
Որ Իր ձեռքով փառաւորուած
Սրտերը մեր սուգ, ցաւ ապրած
Ըլլան ուրախ, սիրով լեցուած:
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան