Պատահաբար դիմատետրիս էջին վրայ հանդիպեցայ հետեւեալ քանի մը օրինակներուն, որոնք ինծի ինքնաբերաբար տարին չես գիտեր մինչեւ ուրտեղե՜ր:
Արդիւնք.- Մեր ներկայ կեանքի անօրինակ մթնոլորտին մէջ, դարձեալ սկսած էի ես զիս փնտռել: Միտքս պարզելու համար կարգով յիշեցնեմ.
ա.-Տարիներ առաջ, Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատաթը սպանողին դատարանին մէջ հարց տուին.
Դատաւոր.-  Ինչո՞ւ սպանեցիր մեր երկրի նախագահը:
Ոճրագործ.- Նախագահը, կարծեմ աշխարհիկ մըն էր:
Դատաւոր.- Է՛հ, ի՞նչ կը նշանակէ «աշխարհիկ»:
Ոճրագործ.- Այդ բառին իմաստը, ես ալ չեմ գիտեր:
բ.-Եգիպտացի յայտնի գրող եւ մտաւորական՝ Նէճիպ Մահֆուզ, օր ցերեկով սպանուեցաւ: Ապա դատարանին մէջ.
Դատաւոր.- Ոճրագո՛րծ, ինչո՞ւ սպանեցիր մեծ գրագէտը:
Ոճրագործ.- Որովհետեւ ան մեր նոր սերունդին համար անյարմար բաներ կը գրէր:
Դատաւոր.- Արդեօ՞ք կարդացած ես Նէճիպի գործերը:
Ոճրագործ.- Ո՛չ, չեմ կարդացած, լսած եմ:
գ.- Եգիպտացի մտաւորական Ֆարալ Ֆուտան սպանելուն համար ոճրագործ մը ձերբակալուեցաւ: Դատարանին մէջ.
Դատաւոր.- Ինչո՞ւ սպանեցիր մտաւորական Ֆարաճը:
Ոճրագործ.- Որովհետեւ ան իսլամ չէր եւ անհաւատ մըն էր:
Դատաւոր.- Ուրկէ՞ գիտէիր, որ ան անհաւատ մըն էր:
Ոճրագործ.- Իր գիրքերէն:
Դատաւոր.- Էհ, դո՛ւն իր գիրքերը կարդացա՞ծ ես:
Ոճրագործ.- Ո՛չ, ես կարդալ չեմ գիտեր:
դ.- Աստուածաշունչէն.-(Ղկ. 23.34)
Յիսուս խաչին վրայ, վերջին պահուն, իր Հօր հետեւեալը ըսաւ.
«Հա՛յր, ներէ՛ անոնց, որովհետեւ անոնք չեն գիտեր թէ ի՞նչ կ’ընեն»:
 Իսկ հիմա ուրկէ՞ սկսիմ: Կ’ուզէ՞ք աւելին յիշեմ, շարունակեմ:
Առաջին իսկ հերթին պիտի փորձեմ ամփոփել մտածումներս, միաժամանակ  բացայայտելով մտահոգութիւններս: Նաեւ պիտի աշխատիմ դուրս գալ այս անկարգ ու անկանոն վիճակէս ու այս բոլորին մէջ որոշ եզր մը գտնել:
Մտքիս մէջ կարծես ամէն ինչ խառնակ է: Վերի օրինակները յստակօրէն կը պարզեն, թէ մարդոց մօտ յաճախ արմատացած եւ քարացած մնացած են զանազան մտայնութիւններ ու մտածումներ: Պէտք է գիտնալ, որ կեանքի մէջ ամէնէն վտանգաւոր մարդիկը անոնք են, որոնք իրենց սահմանափակ մտածողութեամբ, չեն կրնար ընկալել ճիշդը, իրաւը, դրականը եւ վերլուծել հարցերուն էութիւնը: Անոնք կուրօրէն կը հետեւին ուրիշներուն կամ կը բաժնեն անոնց կարծիքը:
Անոր համար վշտահար անցորդի նման յաճախ կը վախնամ բառերէս:
Ներկայ մեր ապրած կեանքը իրապէս ցաւալի է: Յստակօրէն բոլորս ալ ցաւի աշխարհը կ’ապրինք ու այսպէս… առանց մեր կամքին:
Ամէն «բան» նիւթականացած է: Դրամը դարձած է մարդոց միակ պաշտելին: Արարք, սէր, բարեկամութիւն եւ խոստում դարձած են կեղծ, շինծու բառեր: Յարգանքը կորսուած է, իսկ սուտը՝ բազմապատկուած: Բարին եւ բարի կամեցողութիւնը մահացած են:
Ահա՛, այս է կեանքը:
Ու նման խառնակ մտքերով միշտ ես ինծի հարց կու տամ, թէ ինչպէ՛ս պիտի կարենանք  վերակազմուիլ: Յստակ պատասխան մը չունիմ:
Տողերս թէեւ շատ պարզ են, սակայն ո՛չ մէկ գաղտնիք պահած եմ անոնց ներքեւ: Հարցը այն է, թէ ինչպէ՛ս կ’ուզենք ազգային հաւաքականութեան մը գոյատեւումն ու բարգաւաճումը տեսնել, եթէ նոյն այդ հաւաքականութենէն ներս բացակայ են դրական քննադատի գրիչն ու խօսքը, անոր ձայնն ու մատնանշումները:
Իրականութիւն է, որ ներկայիս ներքին հարցերու մէջ ճարճատող երկիր մը դարձած է մեր հայրենիքը, որուն գլխաւոր խորհուրդը, այնպէս կ’երեւի, թէ մարդոցմէ հեռացած է: Ե՞րբ մենք տէրն ու տիրականը պիտի ըլլանք մեր միտքերուն: Ե՞րբ պիտի անդրադառնանք եւ զանազանենք էականը ոչ-էականէն:
Նախապայման է, որ բոլորս ալ դառնանք մտքով եւ սրտով անկախ հայեր ու մեր պահանջը ճակատաբաց դնենք սեղանին, առանց ատելութեան:  Քաջութեամբ մօտենանք մեր իրականութեան:
Գուշակ ըլլալու պէտք չկայ, պարտուած երկիր մը ունինք, մեր բոլորին մօտ ոխն ու վախը, չարն ու բարին իրարու խառնուած են: Կայ կոյր ատելութիւն եւ տագնապ:
Մեր երազները փլած, իսկ ուղեղները սառած կը թուին ըլլալ: Կարծէք հոսանքէն տարուած կ’ապրինք:
Այս օրերուն մեզի եւ անպայման հայ մարդուն թա՛փ է պէտք: Իր ազգին գլխաւոր ձգտումներով մտահո՛գ հայ մարդ է պէտք: Միասնական ղեկավարութիւն է պէ՛տք, որպէսզի որոնենք մեր ինքնութիւնը:
Մենք տակաւին ազգովին կը կարծենք, որ ամէն «բան» գիտենք…: Չենք անդրադառնար, որ ամէնօրեայ սովորութիւններու գերին դարձած ենք:
Լրջանա՛նք:
Գէորգ Պետիկեան