ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ԾԱՆՐՈՐԴ ԳԱՐԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ 
Յունաստանի մէջ ընթացող առաջնութեան 96 քկ.ծանրութեան պայքարին Գարիկ Կարապետեանը ծանրամարտի 370 քկ. արդիւնքով (170 + 200) երկրորդ տարին անընդմէջ հռչակուեցաւ երիտասարդներու աշխարհի ախոյեան:
Այս Հայաստանի հաւաքականին երկրորդ ոսկեայ մետալն էր ծանրամարտի աշխարհի երիտասարդական առաջնութեան մրցումներուն:
ՆՈՐԱՎԱՆՔԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ  ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ
8 Մայիսին, Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական փուլի մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ մրցեցան Ուրարտու եւ Նորավանք խումբերը:
Արձանագրելով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը եւ իր կոլերը նշանակելով 28-րդ եւ 77-րդ վայրկեաններուն, Նորավանք ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Նախքան աւարտական փուլի իր տոմսը ապահովելը, 2020-ին հիմնուած Նորավանք յաջողած էր յաղթել Շիրակ Գիւմրիին, Արարատ-Արմէնիային եւ Արարատին:
ՀՖՖ-Ն ԱՐՑԱԽԻ ԲՈԼՈՐ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՐԶԱԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒՆ ԳՆԴԱԿՆԵՐ ՆՈՒԻՐԱԾ Է 
Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան  Կրթութեան, Գիտութեան եւ Մարզանքի Նախարարութեան հետ գործակցաբար, Արցախի բոլոր 117 դպրոցներուն եւ մարզադպրոցներուն նուիրած է շուրջ 850 գնդակ։
Դաշնութեան ներկայացուցիչները այցելած են Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցած են Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարզանքի նախարար Անահիտ Յակոբեանի հետ, այցելած են Ստեփանակերտի՝ Ստեփան Շահումեանի անուան մարզադաշտ, հանդիպած հանրակրթական դպրոցներու ներկայացուցիչներուն եւ նուիրած են գնդակներ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՆԱՆԹ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԲԱԺԱԿԱԿԻՐ
Շաբաթ, 7 Մայիսին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող «Սթատ տը Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտականի ճակատումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան Նանթ եւ Նիս:
Մրցումը աւարտեցաւ Նանթի յաղթանակով, որ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Լուտովիչ Պլասի նշանակած կոլին (47-րդ վայրկեանին, փենալթիով):
Նանթ այսպիսով չորրորդ անգամ ըլլալով հանդիսացաւ տիտղոսակիր:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան