ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ 
– Սուրիոյ պասքեթի պատանեկան U16-ի հաւաքականը Յորդանանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ արեւմտեան Ասիոյ մրցաշարքին, ուր կրեց չորս հերթական պարտութիւն: Սուրիան պարտութեան մատնուեցաւ Իրաքէն 53-34 , Իրանէն 99-50, Լիբանանէն 79-63 եւ Յորդանանէն 50-70 արդիւնքներով:
– Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ, Թշրին ակումբի նախագահ Թարէք Զէյնի չեղեալ համարեց նախագահի պաշտօնի իր թեկնածութիւնը: Այսպիսով դաշնութեան նախագահութեան մնաց միայն 3 թեկնածու:
– Այս շաբթուան ընթացքին Սուրիա ժամանեցին աւարտական քառեակի մասնակից խումբերու արհեստավարժ խաղացողները: Իթթիհատին մաս պիտի կազմէ մէկ ամերիկացի եւ մէկ ալճերացի խաղացող, Ճալաա-ին եւ Ուահտէին երկու թունուզցի խաղացողներ, իսկ Քարամէին՝ մէկ ամերիկացի խաղացող:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ԼԻՎԸՐՓՈՒԼ ԱՆԳԼԻՈՅ ԳԱՒԱԹԸ ՆՈՒԱՃԵՑ
Լոնտոնի «Ուեմպլի» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած աւարտական մրցումին Լիվըրփուլը յաջողեցաւ պարտութեան մատնել մրցակից Չելսին եւ նուաճել Անգլիոյ գաւաթը: Հանդիպումի հիմնական ժամանակաշրջանը աւարտեցաւ 0-0 հաւասարութեամբ, որմէ ետք խումբերը դիմեցին յաւելեալ ժամանակաշըրջանի խաղարկութեան, որ դարձեալ վերջ գտաւ նոյն արդիւնքով: Կազմերը տուգանային հարուածներու դիմեցին. հանդիպումը վերջ գտաւ 5-6 արդիւնքով ի նպաստ Լիվըրփուլին: Նշենք, որ հանդիպումի 33-րդ վայրկեանին Լիվըրփուլի խաղացող Մուհամմէտ Սալահ դուրս եկաւ դաշտէն վիրաւոր: Այս 8-րդ անգամն է, որ Լիվըրփուլ կը նուաճէ Անգլիոյ գաւաթը հաւասարելով Չելսիին, որ դարձեալ տիրացած է սոյն բաժակը 8 անգամ:
Յիշեցնենք, որ Չելսի ու Լիվըրփուլ հանդիպած էին նաեւ անգլիական լիկի գաւաթի եզրափակիչ խաղարկութեան, որ դարձեալ աւարտեցաւ տուգանային հարուածներով՝ 10-11 արդիւնքով:
ԻՒՐԿԷՆ ԿԼՈՓԸ ԿՐԿՆԵՑ ԱԼԵՔՍ ՖԵՐԻԿՍԸՆԻ ՆՈՒԱՃՈՒՄԸ
Անգլիոյ գաւաթը նուաճելու շնորհիւ, Լիվըրփուլի գերմանացի գլխաւոր մարզիչ Իւրկէն Կլոփ կրկնեց Մանչեսթըր Իւնայթըտի նախկին գլխաւոր մարզիչ Ալեքս Ֆերիքսընի նուաճումը: Ըստ Opta-ի, 54-ամեայ Իւրկէն Կլոփ 80-ամեայ Ալեքս Ֆերիքսընէն ետք երկրորդ մարզիչն է, որ կը յաջողի նուաճել Անգլիոյ ախոյեանի, գաւաթակիրի, անգլիական լիկի գաւաթակիրի եւ Չեմփիընզ լիկի գաւաթակիրի տիտղոսները:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան