“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառատնտեսութեան փոխնախարար Վեյսէլ Թիրեաքին եւ Ատրպէյճանի արտակարգ իրավիճակներու փոխնախարար Էտիպար Միրզաեւ Իսթանպուլի մէջ բանակցութիւններ վարած են անտառային հրդեհներուն դէմ պայքարի ոլորտին մէջ գործակցութեան մասին արձանագրութեան կէտերուն շուրջ: Կը հաղորդուի, որ համաձայնուած է ձեռք բերել առ այն, որ Ատրպէյճան Թուրքիոյ ինքնաթիռներով եւ ուղղաթիռներով կ’աջակցի անտառային հրդեհներուն դէմ պայքարին։ Կողմերը նաեւ մօտ ապագային Թուրքիոյ հետ միատեղ ուսումնավարժանք պիտի կատարեն հրդեհաշիջման նիւթով: Բացի անկէ, կողմերը համաձայնած են, որ Թուրքիան 44-օրուան պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Ջրականին մէջ անտառատնտեսութեան ուսումնական կեդրոն եւ տնկարան պիտի հիմնէ: