“Երկիր”._Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քրեմլի մէջ առանձնազրոյց ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։
Իր խօսքին մէջ Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է. «Յարգելի Նիկոլ Վլատիմիրի, մենք Ձեզի հետ մշտական կապի մէջ ենք` քննարկելու երկկողմ օրակարգի ու տարածաշրջանային հարցեր: Այնուամենայնիւ, հարցերը շատ են ու կը վկայեն մեր երկխօսութեան կարեւորութեան մասին: Մեր երկկողմ զրոյցի սկիզբը կը փափաքէի արձանագրել, որ նախորդ տարուան ընթացքին դիտարկած ենք առեւտրաշրջանառութեան զգալի աճ, կը շարունակուին ներդրումները, աշխուժօրէն կը շարունակենք աշխատիլ ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գծով եռակողմ ձևաչափով` Ատրպէյճանի գործընկերներուն հետ միասին: Հարցերը շատ են, ուրախ եմ Ձեզի հետ հանդիպելու կարելիութեան եւ նմանօրինակ նիւթերու շուրջ խօսելու համար»:
 
Իր կարգին ՀՀ վարչապետ Փաշինեան յայտնած է. «Յարգելի Վլատիմիր Վլատիմիրի, թոյլ տուէք անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնել ՀԱՊԿ յոբելենական գագաթնաժողովի կազմակերպման եւ աւանդական ջերմ ընդունելութեան համար: Ի հարկէ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի 30-ամեակը եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան 20-ամեակը նշանակալի իրադարձութիւններ են եւ կը կարծեմ` մենք ունեցանք շատ բովանդակալից խօսակցութիւն: Այդ խօսակցութիւնը ուղղուած է ապագային, մեր կազմակերպութեան հետագայ զարգացումին հետ:
 
Ի հարկէ , ամիս մը չէ անցած Ռուսիոյ իմ առաջին պաշտօնական այցելութենէն: Մենք այն ատեն ունեցանք շատ բովանդակալից խօսակցութիւն, եւ ինչպէս Դուք ճիշդ նկատեցիք` մեր երկկողմ օրակարգը այնքան յագեցած է, որ կարելի է աւելի յաճախակիօրէն հանդիպիլ: Մենք կը գտնուինք մշտական կապի մէջ, յաճախ հեռաձայնային զրոյցներ կ՚ունենանք: Տնտեսութեան առումով կ’ուզեմ նկատել, որ Մարտ ամսուն որոշակի անկումէն վերջ կը նկատուի երկկողմ տնտեսական կապերու աշխուժացում: Մենք կը տեսնենք ներդրումային հետաքրքրութիւն ռուսական առեւտրականներու կողմէ, որոնք կ’ուզեն ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ։ Գիտեմ, որ այս հարցով Դուք եւս կը քաջալերէք ռուս գործարարները, որպէսզի անոնք ներդրումներ կատարեն Հայաստանի մէջ, որուն համար կ’ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ձեզի:
 
Յոյս ունիմ, որ այսօր կը քննարկենք նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան, կայունութեան, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, ինչպէս նշեցինք մեր միատեղ յայտարարութեան մէջ` նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի կարեւոր դերակատարման առնչուած հարցեր»: