Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Հասիչէի «Եփրատ» համալսարանէն ներս, 2021-2022 տարեշրջանի առաջին կիսամեայի քննութիւնները ընթացք առած են, 3 ամիս յետաձգուելէ ետք։
Սուրիոյ Բարձրագոյն Կրթութեան Նախարարութիւնը յետաձգած էր Հասիչէի «Եփրատ» Համալսարանի ուսանողներուն քննութիւնները աւելի քան երեք ամիս, որովհետեւ քրտական ՔԱՍԱՏ-ի զինեալներն ու ԱՄՆ-ի պատերազմական օդանաւերը Եփրատ համալսարանի Տնտեսութեան, Քաղաքային Երկրաչափութեան եւ Համալսարանին ենթակայ այլ կառոյցները հրթիռակոծած ու քանդած էին, այն պատրուակով, որ «Սանաուիէ Սինաաիէ» բանտէն փախուստ տուած ՏԱՀԵՇ-ի բանտարկեալները այնտեղ ապաստնիլ փորձած են։