Երեքշաբթի, 17 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2022-ի «127» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն փաստաբան Մուհամմէտ Ճիհատ Լահհամ Սուրիոյ սահմանադրական բարձրագոյն դատարանի նախագահ կը նշանակուի։ Հրամանագիրին համաձայն, դատարանի 6 այլ դատաւորներ եւս պիտի փոխանակուին նորերով եւ 4 յաւելեալ դատաւորներ պիտի նշանակուին։