Երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ 20 Մայիս 2022_ի երեկոյեան Հայաստան ժամանած է Լիթվիոյ Հանրապետութեան նախագահ Գիտանաս Նաուսետան տիկնոջ՝ Տիանա Նաուսետիենէի հետ:
 
Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ բարձրաստիճան հիւրը դիմաւորած են ՀՀ առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանէսեան, ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պարտականութիւնները կատարող Խաչատուր Պողօսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր։
Ապա Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Լիթվիոյ Հանրապետութեան նախագահ Գիտանաս Նաուսետան հանդիպումներու աւարտին ամփոփած են զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար յայտարարութիւններով: