“Երկիր Մետիա”._26 Մայիսին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունած է ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասպրչիքը:
Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է անձնական ներկայացուցիչի հովանաւորէն բխող հարցերու լայն շրջանակ։ Արարատ Միրզոյեան վերահաստատած է հայկական կողմի դիրքորոշումը ԼՂ հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման շուրջ՝ ընդգծելով ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան միջնորդական դերը։
 
Քննարկուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի աշխատանքներու, տարածաշրջանի մէջ տնտեսական կապերու եւ երթեւեկային յարաբերութիւններու ապաշրջափակման հետ առնչուած հարցեր: