25 Մայիսին Երեւանի մէջ սկիզբ առաւ Համազգային Հայ Կրթական և Մշակութային Միութեան 9-րդ պատգամաւորական ժողովը։
 
Ժողովը սկիզբ առաւ Եռաբլուր զինուորական պանթէոն այցելութեամբ, ուր յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոսներու յիշատակին։ Եռաբլուրին ժողովականներուն ուղղուած խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան։
 
Համազգայինի 9-րդ պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցին 64 պատգամաւորներ եւ հրաւիրեալներ՝ աշխարհի 15 երկիրներէն։
 
Ժողովը պիտի ընթանայ 25_27 Մայիսին, որու ընթացքին պիտի ամփոփուին Համազգայինի տարբեր կառոյցներուն կողմէն վերջին չորս տարուան կատարած աշխատանքները, պիտի ճշդուին հետագայ ընելիքները, պիտի ընտրուի նոր Կեդրոնական վարչութիւն։