25 Մայիս 2022_ին Երեւանի ժամանակով ժամը 22:35-ին, ԱՄՆ-ի Քանավերալ հրուանդանէն Space X ընկերութեան տիեզերանաւով երկիր մոլորակի ուղեծիր դուրս բերուած է ՀՀ առաջին տիեզերական արբանեակը․ 26 Մայիսին կառավարութեան նիստին սկիզբը այդ մասին յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
 
Անոր խօսքով՝ Հայաստանի արբանեակին՝ տիեզերք դուրս բերումը տեղի ունեցած է պետական «Գեոկոսմոս» ընկերութեան ու սպանական Satlantis ընկերութեան գործակցութեամբ։
 
«Այսպիսով ՀՀ-ն կը թեւակոխէ տիեզերական գործունէութեան դարաշրջան ու մենք յոյս ունինք, որ մեր հարուստ աւանդոյթները պիտի վերականգնին», ըսաւ Փաշինեան՝ աւելցնելով, որ կառավարութիւնը նպատակ ունի տիեզերական ճարտարագիտութիւնը տեղայնացնել Հայաստանի մէջ ու կազմակերպել տիեզերական սարքերու արտադրութիւն։
 
Մինչեւ 2023-ի սկիզբը Հայաստանի մէջ պիտի ստեղծուի արբանեակային կեդրոն ու ընդունիչ կայան, որուն շուրջ պիտի ձեւաւորուի մասնագէտներու խումբ։
 
Արբանեակային կեդրոնը պիտի զբաղի արբանեակի կառավարումով ու տիեզերալուսանկարներու ստացումով, իսկ ընդունիչ կայանը պիտի ստանայ ու պիտի փոխանցէ տուեալներ։
 
Արբանեակային լուսանկարները պիտի օգտագործուին սահմանային հսկողութեան, արտակարգ իրավիճակներու կառավարման, կլիմայական փոփոխութիւններու հետապնդումի, քաղաքաշինութեան, ճանապարհաշինութեան համար։
 
«Հայաստանի արբանեակի արձակման շուրջ բոլոր որոշումները առնուած են գաղտնիութեան պայմաններու մէջ ու ատիկա է պատճառը, որ տեղեկութիւն չենք հրապարակած՝ որոշ նկատառումներով», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան։