Երկուշաբթի, 23 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մքտատ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի բանագնաց Կիր Պետրսընին հետ հանդիպում մը ունեցաւ։ Կողմերը խորհրդակցեցան խաղաղութեան հաստատման գծով Սուրիոյ տարած աշխատանքին շուրջ՝ սուրիական տարբեր նահանգներու եւ շրջաններու մէջ հաշտեցման եւ իրավիճակներու կարգաւորման գործողութիւններուն միջոցաւ։

Նախարար Մքտատ անդրադարձ կատարեց նախագահական համաներման վերջին հրամանագիրին բովանդակութեան, յայտնելով, որ պատկան մարմինները ճիգ չեն խնայեր հրամանագիրը ամբողջական ձեւով գործնականացնելու համար։

Իր կարգին Պետրսըն համաներման հրամանագիրը կարեւոր քայլ մը համարեց, ապա անդրարաձաւ սուրիական սահմանադրութիւնը քննարկող յանձնախումբի նիստին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 28 Յունիս 2022-ին։