Չորեքշաբթի, 25 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ կարելի է սուրիական անցագիրը նորոգել կամ նորը ստանալ նախարարութեան կողմէ տրամադրուած յատուկ կայքին միջոցաւ արձանագրուելով։ Անցագիրին սակ ճշդուած է 300. 000 ս.ո.։
 
Աղբիւրը հաստատեց, որ նախարարութիւնը չեղեալ համարած է 24 Նոյեմբեր 2021-ի «1558» թուակիր որոշումը, որուն համաձայն իւրաքանչիւր սուրիացի կարելիութիւն կ՚ունենայ անցագիր նորոգելու կամ ստանալու, Նախարարութեան տրամադրած յատուկ կայքին միջոցաւ կարգ գրաւելով եւ 100. 000 ս.ո. վճարելով։