Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ շնորհաւորագիր յղեց Լիբանանի նախագահ զօրավար Միշէլ Աունին՝ Դիմադրութեան եւ Անկախութեան տօնին առիթով, որ կը նշուի իւրաքանչիւր տարուան 25 Մայիսին։
Նախագահ Ասատ ըսաւ. «22 տարի առաջ ձեռքբերուած յաղթանակը պիտի մնայ պատմական պատուաբեր իրողութիւն, որովհետեւ ան վերականգնեց բռնաբարուած իրաւունքները եւ ձախողութեան մատնեց դաւադրական ծրագիրները»։
Նախագահ Ասատ եզրափակելով ըսաւ. «Նահատակներուն թափած արիւնը երբեք մոռացութեան պիտի չտրուի, այլ վառ պիտի մնայ մեր յիշողութեան եւ սրտերուն մէջ»։