«Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները 26 Մայիսին Ֆրանսայի հրապարակէն երթ սկսան դէպի ԲԴԽ՝ սատարելու 44-օրեայ պատերազմին զոհուած եւ անհետ կորսուած ծնողներու հարազատներուն, որոնք ԲԴԽ-ի դիմաց բողոքի ցոյց կ’իրականացնէին՝ Նիկոլ Փաշինեանի նկատմամբ պետական դաւաճանութեան յատկանիշներով քրէական գործ յարուցելու պահանջով։
 
«Երէկ դատարանի մէջ ԲԴԽ ենթակայութեան տակ գտնուող դատական կարգադրիչները ծնողներու հետ «արա»-ով խօսած են։ Նման վարքագիծ չէինք պատկերացներ, ատիկա տեղի ունեցած է։ Հիմա ծնողները հաւաքուած են ԲԴԽ_ի դիմաց։ Կ’երթանք միանալու իրենց։ Հաստատ ըսելիք պիտի ունենանք» », երթի մեկնարկէն առաջ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Արամ Վարդեւանեան։
 
«Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները վանկարկելով «Առանց Նիկոլ Հայաստան», «Առանց Նիկոլ դատարան» ուղղուեցան ԲԴԽ։
 
Մեկ տարիէն աւելի է տարբեր դիմումներ եւ հաղորդումներ եղած են յանցագործութեան մասին առ այն, որ Նիկոլ Փաշինեան եւ շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատար անձինք՝ ըստ դիմումատուներու, կատարած են այնպիսի գործողութիւններ, որուն հետեւանքով ունեցած ենք այս կորուստները․ ԲԴԽ-ի մօտ յայտատարեց ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ անդամ, ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան։
 
«Այդ գործողութիւնները քրէական օր՝նսգիրքի 289 յօդուածով կը բնութագրուին որպէս պետական դաւաճանութիւն: Այս ժամանակահատուածին այդ դիմումները բազմաթիւ մարմիններու մէջ մերժուած են: Դատարանի մէջ դատական նիստը երէկ նախագահութեամբ դատաւոր Կարէն Բիշարեանի, ընդհատուեցաւ միջադէպի մը պատճառով, որուն հետեւանքը եղաւ այն, որ դատաւոր Բիշարեան վերադարձաւ եւ յայտարարեց, որ այսուհետեւ Նիկոլ Փաշինեանի եւ բարձրաստիճան պաշտօնատար շարք մը անձերու նկատմամաբ առերեւոյթ պետական դաւաճանութեան հաղորդումի հիմքով քրէական գործ հարուցելու դատաքննութիւնը պէտք է իրականացնէ փակ: Սա ոչ այլ ինչ է, քան ուղղակի ցցում, որ հերթականօրէն փակուղի տանին այս գործը եւ կայացնեն ապօրինի որոշումներ»:
 
Հաւաքուածները պահանջեցին որ ԲԴԽ նախագահը իջնէ եւ լսէ իրենց պահանջները․ անոնք տաս վայրկեան ժամանակ տուին Գագիկ Ճհանկիրեանին։
 
Ժամանակը լրանալէն վերջ ծնողները փափաքեցան ներս մտնել շէնք, սակայն ոստիկանները, որոնք քանի մը շարք պատ կազմած էին՝ խոչընդոտեցին անոնց մուտքը ԲԴԽ։
 
Սակայն որոշ ժամանակ անց զոհուած զինծառայողներու ծնողները թոյլ տուին հանդիպելու ԲԴԽ նախագահի պաշտօնակատար Գագիկ Ճհանկիրեանին․ 30 ծնողք մտաւ շէնք՝ ներկայացնելու Նիկոլ Փաշինեանի դաւաճանութեան դատին հետ առնչուած պահանջը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Արծուիկ Միանասեան։
 
«Նիկոլի իշխանութիւնը կը փորձէ զաւթել բոլոր ոլորտները՝ դատական համակարգը։ Բոլոր այն անձերը, որոնք այսօր գլխիկոր, վախցած, ահաբեկուած կը կատարեն յանցաւոր վարչակարգի յանձնարարականները, պէտք է իմանան, որ պատասխան պիտի տան եւ այդ պատասխանը պիտի չուշանայ, պիտի ըլլայ օրէնքի ողջ խստութեամբ եւ յանուն ՀՀ, յանուն Արցախի Հանրապետութեան»,հանդիպումի աւարտէն վերջ յայտարարեց Արծուիկ Մինասեան։
 
Ան շեշտեց, որ աջակցելով զոհուածներու հարազատներուն, պիտի պայքարինք յանուն արդար, ուժեղ եւ ազգային Հայաստանի։
 
Նշենք, որ լրատուամիջոցներուն արգիլած են մասնակցելու հանդիպումին։