Երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման ծիրին մէջ եւ համապատասխան յանձնարարականներու հիման վրայ 24 Մայիս 2022-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջպետական սահմանին վրայ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆայեւի առաջին հանդիպումը` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերու միացեալ աշխատանքի ձեւաչափով: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը:
 
Կողմերը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը` յանձնախումբերու ծիրին մէջ աշխատանքներ տանելու սահմանազատման եւ այլ համապատասխան հարցերու, ներառեալ սահմանային անվտանգութեան ապահովման հարցերու շուրջ:
 
Քննարկուած են յանձնախումբերու միացեալ գործունէութեան կազմակերպչական եւ ընթացակարգային հարցեր:
 
Միջպետական սահմանին վրայ հանդիպումներու հետ միատեղ` կողմերը համաձայնած են յանձնախումբերու հետագայ հանդիպումներու կատարման համար տարբեր հարթակներ օգտագործելու նպատակայարմարութեան շուրջ: Մասնաւորաբար` համաձայնութիւն գոյացած է երկրորդ հանդիպումը կատարել Մոսկուայի մէջ, երրորդը` Պրիւքսէլի մէջ:
 
Շարլ Միշէլ Կ՛ողջունէ
 
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ ողջունեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերու առաջին հանդիպումը:
 
«Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ ան գրեց. «Ջերմօրէն կ՛ողջունենք հայ-ատրպէյճանական սահմանին այսօր տեղի ունեցած հանդիպումը` սահմանային յանձնախումբերուն միջեւ միջպետական սահմանի սահմանազատման եւ կայունութիւնը լաւագոյնս ապահովելու վերաբերող քննարկումները յառաջ մղելու նպատակով: Շօշափելի յառաջընթաց է, որ կը յաջորդէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ եռակողմանի հանդիպման», յայտնեց Միշէլ: