Ազգային ժողովը, ընդդիմադիր պատգամաւորներու նախաձեռնութեամբ, 3 Յունիսին` յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, արտակարգ նիստ պիտի գումարէ: Այս մասին խորհրդարանի ղեկավարի որոշումը հրապարակուեցաւ Ազգային Ժողովի պաշտօնական կայքին վրայ: Նիստը իր օրակարգին վրայ պիտի ունենայ ընդդիմութեան ներկայացուցած «Հայ-ատրպէյճանական եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կապակցութեամբ» Ազգային Ժողովի յայտարարութեան նախագիծ ընդունելու մասին հարցը:
 
26 Մայիսին այս մասին խօսեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին` հաստատելով, որ Ազգային Ժողովի արտակարգ նիստը վերջնական ջրբաժան է` հաստատելու, որ օրուան չարիքի կառավարութիւնը կը փորձէ երկիրը տանիլ նոր զիջումներու: