26 Մայիս 2022_ին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած հանրահաւաքի աւարտին ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Այսօր կրկին ցոյց տուինք, որ մեր առջեւ փակ ճանապարհ չկայ, դուռ չկայ, որեւէ ոստիկանական պատնէշ չի կրնար կանգնեցնել այս շարժումը»։
 
Ան դիտել տուաւ, որ իրենք ունին յստակօրէն ձեւակերպուած նպատակ՝ աշխարհին ցոյց տալ, որ վարչապետի աթոռին յայտնուած անձը չունի հովանաւոր ժողովուրդի անունով բանակցութիւններ վարելու, չ’արտայայտեր ժողովուրդի կամքն ու ինքը ղեկավար չէ։
 
Ան յայտարարեց, որ այս համազգային շարժումը պիտի կասեցնէ հայոց պետականութեան կործանման ընթացքը եւ հայ ժողովուրդին համար պիտի կերտէ նոր արշալոյս։
 
«Մենք վաղուց գիտենք, որ մարդոց կամքը, դիրքորոշումը, տեսակէտը ինքը երբեք նկատի չէ առած։ Պարզապէս միշտ ցոյց տուած է, որ նկատի կ’առնէ՝ ժողովուրդի թիկունքէն շարունակ երթալով դաւադրութիւններու եւ զիջումներու։ Մենք ատոր թոյլ պիտի չտանք», ըսաւ ընդդիմադիր գործիչը։
 
Իշխան Սաղաթէլեան տեղեկացուց, որ ընդդիմադիր խմբակցութիւններուն պահանջած ԱԺ արտահերթ նիստը՝ հայ-թրքական եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման յայտարարութեան օրակարգով, տեղի պիտի ունենայ 3 Յունիսին ժամը 16։00-ին։
 
«Ատիկա վերջնական ջրբաժանի օրն է․ այն օրը, երբ մեր հասրակութեան նոյնիսկ այն հատուածները, որ տակաւին նշոյլով մը կը կասկածին, որ ասոնք հայրենադաւ են եւ կը փորձեն երկիրը տանիլ նոր յանձնողականութեան, այն օրն է, որ բոլորը պէտք է համոզուին։ 3 Յունիսին կա՛մ իրենք կու գան խորհրդարան, կը հիմնաւորեն, որ Արցախը պէտք է մնայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, կա՛մ կու գան, կը ստորագրեն այդ յայտարարութիւնը։ Ես վստահ կը յայտարարեմ՝ իրենք չունին ստորագրելու համարձակութիւնը, կը վախնան Ալիեւէն, որուն հետ ունին համաձայնութիւններ եւ պիտի չստորագրեն այդ յայտարարութեան տակ։ Եւ այդ օրը պիտի ըլլայ իրենց վերջաւորութեան սկիզբը եւ քաղաքական գերեզմանը», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան: