Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը այսու կը յայտարարէ «Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ»ի ստեղծումը, նախաձեռնութեամբ Պապիկեան ընտանիքին, որոնք ի յիշատակ իրենց մօր եւ մեծ մօր՝ Մարի Ֆիլհաննէսեան-Պապիկեանի եւ ի պատիւ իր տարիներու ծառայութեան եւ վաստակին, ինչպէս եւ հայոց լեզուի եւ մշակոյթի ուսուցման մարզերէն ներս իր ձգած ժառանգութեան, հիմնած են յատուկ կրթական հիմնադրամ մը, «Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ» անունով:
 
 
Հիմնադրամին նպատակն է շարունակել հանգուցեալ Մարի Պապիկեանի կտակը` պահպանելով հայոց լեզուն եւ ժառանգութիւնը եւ զարգացնելով հայ մշակոյթը հետեւեալ միջոցներով.
 
 
Ա) Օժանդակել Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հետեւեալ ծրագիրներուն.
Նիւթական նպաստներ տրամադրել Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան հայագիտական ծրագիրներուն մասնակցող անհատներու՝ որոնք կ’ուզեն արեւմտահայերէն լեզուի, գրականութեան եւ պատմութեան մասնագէտ ուսուցիչներ ըլլալ։
Նիւթական նպաստ հայթայթել Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան՝ արեւմտահայերէնի, գրականութեան եւ մանկավարժութեան ուսուցման նպաստող հրատարակութիւններու համար:
Նիւթական նպաստ յատկացնել Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկին:
 
 
Բ) Օժանդակել Դամասկոսի հայկական դպրոցներ յաճախող աշակերտներուն.
Կրթաթոշակ տրամադրել կարիքաւոր հայ աշակերտներու, որոնք կը յաճախեն Դամասկոսի հայկական «Միացեալ Վարժարան»ը։ Աշակերտներու անունները կ՚առաջարկուին Միացեալ Վարժարանի վարչութեան կողմէ:
Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Դամասկոսի «էրեբունի» մասնաճիւղի աջակցութեամբ, մրցանակաբաշխութեան ծրագիր մը հաստատել, պարգեւատրելու այն հայ ուսանողները, որոնք գերազանց արդիւնքներ կ՚ապահովեն հայոց լեզուի եւ հայ գրականութեան դասանիւթերուն մէջ։
Վերոյիշեալ ծրագիրներու նիւթական նպաստներու բաշխումը կը կատարուի հետեւեալ առաջնահերթութեամբ եւ նշուած համապատասխան տարեկան գումարներով.
«Միացեալ Վարժարան» յաճախող հայ ուսանողներու կրթաթոշակ.
«Էրեբունի» Մասնաճիւղի մրցանակաբաշխութեան ծրագիր.
Կեդրոնական Վարչութեան հայագիտական ծրագիրներուն հետեւող ուսանողներու կրթաթոշակ.
Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկ.
«Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գործունէութիւն.
«Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ»ի գործունէութիւնը կ՚իրականացուի համապատասխան Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային հիմնադրամի նպատակներուն, կանոններուն եւ պարտաւորութիւններուն: Աւելին, «Համազգայինի Մարի Պապիկեան Կրթական Հիմնադրամ»ը կը կառավարուի Հիմնադրամի Հոգաբարձու մարմնի միջոցաւ, որ կազմուած կ՚ըլլայ հինգ (5) անդամներէ՝ երեքը (3) նշանակուած Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ, իսկ երկուքը (2)՝ Պապիկեան ընտանիքի կողմէ:
 
Հոգաբարձու մարմինը կը կայացնէ հիմնադրամի հետ առնչուող անհրաժեշտ որոշումները եւ կը վերահսկէ անոր տարեկան գործունէութեան:
 
 
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան
Կեդրոնական Վարչութիւն
 
26 Մայիս 2022, Երեւան