“Երկիր Մետիա”._Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն յայտարարած է, որ գրաւոր դիմում պիտի ներկայացուի ՄԱԿ-ի անդամ երկիրներուն «Turkey» անուանումը «Türkiye» անուանումով փոխարինելու պահանջով։
 
Նախագահ Էրտողանի ստորագրութեամբ պաշտօնական տեղեկագիրով հրապարակուած շրջաբերականին մէջ յիշուած է, որ արտահանուող ապրանքներուն վրայ «Made in Turkey”-ի փոխարէն օգտագործուի «Made in Türkiye» արտայայտութիւնը։
 
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն ըսած է, որ ՄԱԿ-ի անդամ բոլոր երկիրներուն մէջ պէտք է օգտագործուի «Türkiye» անուանումը եւ իրենք գրաւոր դիմում պիտի ներկայացնեն անոր համար։
 
Նախատեսուած է, որ «Türkiye» անուանումը պիտի կիրառուի բոլոր պաշտօնական եւ միջազգային փաստաթուղթերուն մէջ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական նամակագրութեան մէջ: