“Արմէնփրէս”._ Մոսկուայի մէջ 3 Յունիսին տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւի համանախագահութեամբ՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերու եռակողմ աշխատանքային խումբի 10-րդ նիստը:

Կողմերը քննարկած եւ յստակացուցած են իրենց մօտեցումները սահմանային, մաքսային եւ այլ տեսակի հսկողութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքներէն` ճանապարհներէն եւ երկաթգիծերէն քաղաքացիներու, երթեւեկային միջոցներու եւ բեռներու անվտանգ անցումի հարցերու շուրջ։

Հանդիպումի ընթացքին տեղի ունեցած է նաեւ միտքերու փոխանակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Ատրպէյճանի Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ երթեւեկային կապը ապահովող ինքնաշարժային ճամբայէն անցնելու կարելի երթուղիներուն շուրջ։

Կողմերը պիտի շարունակեն աշխատանքը տարածաշրջանի մէջ երթեւեկային կապերու ապաշրջափակման առնչուած Հայաստանի Հանրապետութեան, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան ղեկավարներու համաձայնութիւններու կատարման ուղղութեամբ։