1975-ին, պատուելի Սարգիս եւ Մարի Պապիկեաններու բնակարանն էի, որ կը գտնուէր Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ:
Մեծ Եղեռնի 60-ամեակին առիթով գծանկարներուս ցուցահանդէսի  պատրաստութեան քննարկումը կը կատարէինք:
Բնակարանին դուռը թակուեցաւ եւ ներս մտաւ բարձրահասակ, պայծառ դէմքով, պարծենկոտ զինուորական մը՝ գաւազանը ձեռքին:
Տանտէրը ներկայացուց այցելուն՝ « Ծանօթացէ՛ք, Հրանդ պէկն է» ըսելով:
Ինծի համար պատմական նշանակելի առիթ էր տեսնել մշեցի զօրավարը, որուն մասին յաճախ կը խօսէին սուրիացիք, մասնաւորապէս՝ լաթաքիացիք:
Հրանդ պէկն էր խրոխտ հասակով դիմացս կանգնած զինուորականը, Դամասկոսի Վարդ թաղի բնակիչ (արաբերէն՝ հարէթ Ուարտ):
Մշեցի  Հրանդ Մալոյեան ծնած ու մեծցած է հայ կաթողիկէ ընտանիքի մէջ, ապա ուսանած է Վենետիկի Սուրբ Ղազար վանքը, որմէ ետք Պոլսոյ Ֆրանսական Ֆրերներու վարժարանը: Հետեւած է իրաւաբանութեան ճիւղին, ապա յաճախած է թրքական Սուլթանիէ վարժարանը, ուր ստացած է զինուորական ուսում, իսկ 1914-ին  գործուղուած է Եգիպտոս: Սուէզի մէջ գերի ինկած է անգլիացիներու մօտ: Գերութենէ ազատելով ծառայած է Կիլիկիոյ ֆրանսական բանակին՝ իբրեւ թարգմանիչ, ապա ոստիկան սպայ:
1920-ին, անդամակցած է ֆրանսական հայկական Լեգիոնին: Սուրիոյ անկախութենէն ետք, միացած է Սուրիոյ բանակին:
Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Շուքրի Քուաթլիի նախագահական հրամանով նշանակուած է Սուրիոյ Ոստիկանութեան ընդհանուր հրամանատար:
Սուրիոյ նոր պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ հայ մը կը զբաղեցնէր այս մեծ պաշտօնը:
Ես 25 տարեկան էի, իսկ զրուցակիցս 80-ամեայ տիպար հայ անձնաւորութիւն մը,որ հակառակ յառաջացած տարիքին, ունէր լերան նման վեհութիւն ու պայծառ միտք:
Հարցուցի իր գործած շրջանին Լաթաքիոյ նահանգին մէջ յառաջացած որոշ հարցերու մասին, որոնք ինծի անհասկնալի մնացած էին, ինչպէս օրինակ՝ կրօնական առաջնորդի մը ձերբակալումը եւ այլն:
Արդար ու դիւանագիտական էր իր պատասխանը եւ համապատասխան օրէնքի կարգին:
Ուզեցի իմանալ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ ալ-Ասատի մասին իր կարծիքը:
Թոշակառու զօրավարը  ըսաւ, որ նախագահ Հաֆէզ ալ-Ասատ յատուկ յանձնարարութիւն տուած էր նախագահական գրասենեակի անձնակազմին, որ զօր. Հրանդ Օհանսի դիմումներուն դրական պատասխանեն ու աջակցին անոնց իրագործման:
Գիտէի, որ զօրավարը մարդասէր էր նաեւ ու օգնութիւն կը ցուցաբերէր որեւէ կարիքաւոր դիմողի: Երբ ծանօթացաւ գծանկարներուս, բարձր գնահատեց զանոնք, իսկ 24 Ապրիլին ներկայ եղաւ Դամասկոսի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հովանաւորած ցուցահանդէսին, որ նուիրուած էր  Հայոց Ցեղասպանութեան  60-ամեակին:
1978-ի ամրան լսեցի զօրավարին մահուան գուժը: Պետական ու ազգային յուղարկաւորութիւն կատարուեցաւ այս մեծ հայրենասէրին,  հայ արի զօրավարին:
 Թաղման կարգը կատարուեցաւ Դամասկոսի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ,Գերշ. Տէր Յ.Արնաութեանի եւ Հալէպէն ժամանած Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի ներկայութեամբ:
Զօրավարին վերջին հրաժեշտ տալու եկած էին հանգուցեալին մարտական  թոշակառու սպաները եւ հոծ բազմութիւն մը:
Հետագային այցելեցի  զօրավարին շիրիմը, որ կը գտնուի Դամասկոսի հայ կաթողիկէ համայնքի գերեզմանատան մէջ, յարգանքի տուրքս մատուցելու անոր յիշատակին:
Ան, որպէս զինուորական, իր սխրանքներով անմոռանալի էջ մը արձանագրեց Սուրիոյ նորագոյն պատմութեան մէջ ու մշտապէս պիտի յիշուի:
Դոկտ.Նորայր Մանճեան