Հալէպի պետական համալսարանի Լեզուներու Բարձրագոյն Ուսումնարանի (ԼԲՈ) ազգային լեզուներու բաժանմունքէն ներս հայ լեզուի եւ պատմութեան դասընթացքին հետեւած եւ համապատասխան քննութիւն յանձնած պատանեկան տարիքի 14 աշակերտներ վկայուեցան ԼԲՈ տնօրէնին կողմէ:
Տնօրէնը հայրական խրատներ տուաւ աշակերտներուն, անդրադառնալով ուսման, գիտութեան եւ կրթութեան կարեւորութեան, թելադրելով անընդմէջ աշխատիլ յանուն միտքի զարգացման ու անձի կատարելագործման:
Դասատու ուսուցչուհի Մարիա Գաբրիէլեան դրուատիքով արտայայտուեցաւ աշակերտներուն ցուցաբերած լրջութեան, հետաքրքրութեան եւ գիտութեան պապակը յագեցնելու անոնց անհատնում տենչին մասին:
Աշխատանքի պատասխանատու Սիլվա Ճապաղջուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց համալսարանի տնօրէնութեան` ցուցաբերուած աջակցութեան, ծրագիրը իրականացնելու դիւրութիւններուն եւ աշխատանքը լաւագոյն ձեւով իրագործելու անխնայ ջանքերուն համար:
 
Վկայականներու բաշխման հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ աշակերտներուն ծնողները:
 
Շուտով պիտի յայտարարուի յաջորդ դասընթացքի արձանագրութեան թուականը: