Երկուշաբթի, 30 Մայիսին Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն ու անոր ընկերակցող ազգային պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Սուրիոյ հայազգի երեսփոխանը, Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու թեմի արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատուներ։
 
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանի եւ Սուրիոյ առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տնտեսական տագնապի յաղթահարման միջոցներ։
Մըքտատ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ազգային պատուիրակութեան հետ սերտեց ժողովուրդին, ներառեալ հայ համայնքին, տնտեսական վիճակը բարելաւելու ազդակները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց զօրավիգ հանդիսանալու այս ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքներուն։
 
Հանդիպումը անցաւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։