ՏԵՂԱԿԱՆ 
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
 – Հալէպի Իթթիհատ ակումբի վարչութիւնը Ճալաա խումբին դէմ տեղի ունեցած մրցումէն ետք դադրեցուց պասքեթի տղոց խումբի սերպիացի մարզիչ Տէրեանը, զինք փոխարինեց լիբանանցի վաստակաշատ մասնագէտ Ֆուատ Ապու Շաքրա:
– Սուրիոյ պասքեթի ախոյեանութեան FINAL 4-ի մրցումներուն, Հոմսի մէջ Քարամէն 77-73 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուահտէն, ընդհանուր հանդիպումներու արդիւնքները հաւասարեցան 2-2-ով: Մրցումէն ետք, Դամասկոսէն ժամանած Ուահտէի համակիրները դաշտէն ներս վէճ ստեղծեցին եւ վնասի ենթարկեցին նստարաններն ու գոյքերը:
– Սուրիոյ ֆութպոլի տղոց առաջին հաւաքականը ժամանեց Տուպայ ու պիտի կատարէ ուսումնամարզական հաւաք մը, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ նաեւ բարեկամական մրցում մը Տաճիկիստանի հաւաքականին հետ:
– Անցեալ շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցաւ Սուրիոյ Ֆութպոլի Դաշնութեան ընտրութիւնը: Յառաջիկայ քառամեայ շրջանին համար դաշնութեան նորընտիր նախագահ դարձաւ Սալահ Ռամատան:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
ՌԷԱԼ ՄԱՏՐԻՏ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՐՔԱՅ
 Շաբաթ երեկոն սովորական երեկոյ մը չդարձաւ ֆութպոլի մարզասէր ժողովուրդին, մանաւանդ Սպանիոյ արքայական ակումբին՝ Ռէալ Մատրիտի համակիրներուն համար, որոնք իրենց պատմութեան մէջ 14-րդ անգամ ըլլալով յաջողեցան ձեռք ձգել Եւրոպայի բարձրագոյն «Չեմփիընզ Լիկ»-ի բաժակը: Փարիզի Սան Տենիի «Ստաթ տէ Ֆրանս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած եզրափակիչ խաղը սովորական ժամէն կէս ժամ ուշ սկսաւ՝ Լիվըրփուլի համակիրներուն կողմէ ստեղծուած կարգապահական խախտումներուն հետեւանքով: Մրցումին, Սպանիոյ թագաւորական ակումբը 1- 0 հաշիւով յաղթեց անգլիական Լիվըրփուլին: Միակ կոլը 59-րդ վայրկեանին նշանակեց պրազիլցի Վինիսիուս Ժունիըրը:
Այդպիսով, Ռէալը այժմ երկու անգամ աւելի գաւաթ ունի իր թանգարանին մէջ, քան իտալական Միլանը, որ բաւարարուած է միայն 7 բաժակով: Ռէալի գլխաւոր մարզիչ Գարլօ Անշելոթին դարձաւ միակ մասնագէտը, որ իր գլխաւորած ակումբներուն հետ կրցաւ չորս անգամ տիրանալ սոյն տիտղոսին: Ռէալի ֆութպոլիստներ՝ Կարիէթ Պէյլ, Քարիմ Պենզեմա, Իսկօ, Տանի Կարվախալ, Մարսելօ եւ Լուքա Մոտրիչ կրկնեցին Քրիստիանօ Ռոնալտոյի թուանիշը՝ 5-րդ անգամ յաղթելով «Չեմփիընզ Լիկ»-ին:
Աւելցնենք, որ աւարտական մրցումին լաւագոյն խաղացող ճանչցուեցաւ Ռէալ Մատրիտի դարպասապահ պելճիքացի Տիփօ Քուրթուան, որ կրցաւ փրկել խումբը ինը վտանգաւոր գնդակներէ:
Պատրաստեց՝ Ռաֆֆի Սիւլահեան