Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ին, Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղոդագրութեամբ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն Սուրիոյ ուղղած թշնամական սպառնալիքները կը խախտեն միջազգային օրէնքը, Ասթանայի բանակցութեան համաձայնութիւնները եւ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։

Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը կը դատապարտէ թրքական իշխանութիւններուն թշնամական ընթացքը, յատկապէս յայտարարութիւնները՝ Սուրիոյ հիւսիսային բաժինին մէջ անվտանգութեան գօտի հիմնելու մասին եւ թրքական ուժերուն սուրիական հողերուն վրայ իրարայաջորդ յարձակումները, որոնց հետեւանքով բազմաթիւ զոհեր եւ նիւթական ահաւոր վնասներ կ՚արձանագրուին։