“Երկիր Մետիա”._Ատրպէյճանի մէջ արգելափակուած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ի կայքը։
 
Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը (ԱԳՆ) յայտարարած է, որ ռուսական պետական լրատուական գործակալութիւնը «կը տարածէ» Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները։ Պատճառը Արցախի պետական նախարար Արտակ Պեգլարեանի խօսքերու հրապարակումը եղած է։
 
Ատրպէյճանի ԱԳՆ մամուլի ծառայութեան ղեկավար Լեյլա Ապտուլաեւան ըսած է, որ «ՌԻԱ Նովոստի»-ին նիւթերը «կը հակասեն Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամութեան, անվտանգութեան եւ ռազմավարական գործընկերութեան մասին համաձայնագիրի եւ Դաշնակիցներու փոխգործակցութեան մասին հռչակագիրի դրոյթներուն»։
 
«Ռուսական պետական լրատուական գործակալութեան կողմէ զրպարտչական բնոյթի տեղեկատուութեան տարածումը, որ կը հակադրուի Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անջատողական միտումներ կը քարոզէ, չի համապատասխաներ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական յարաբերութիւններու ոգին եւ, հետեւաբար, լուրջ ափսոսանք կը յառաջացնէ», ըսած է Ապտուլաեւան:
 
Միաժամանակ լրատուական գործակալութիւնը յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու դիրքորոշումով հրապարակումները ուղեկցուած են Ատրպէյճանի դիրքորոշումին յայտարարութեամբ, կը գրէ «Քոմերսանթը»։