Ուրբաթ, 3 Յունիս 2022-ին, երկար տարիներու դադրեցումէ ետք, Քուէյթէն Հալէպի Միջազգային Օդակայան վայրէջք կատարեց առաջին օդանաւը։
 
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, որպէս Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի նախկին Առաջնորդ եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ, «Sham Wings» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէնին կողմէ յատուկ հրաւէր ստանալով, իր մասնակցութիւնը բերաւ Քուէյթէն Հալէպ ժամանած եւ Հալէպի Միջազգային Օդակայան վայրէջք կատարած առաջին օդանաւի դիմաւորութեան եւ Քուէյթ-Հալէպ-Քուէյթ թռիչքի բացման արարողութեան։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեան։ Յիշենք, որ շաբաթական երկու թռիչք ի գործ պիտի դրուի։
 
Մասիս եպիսկոպոս բարի գալուստ մաղթեց Քուէյթէն ժամանած ճամբորդներուն եւ քուէթահայերուն, ինչպէս նաեւ ապահով թռիչք մաղթեց՝ Հալէպէն մեկնող ճամբորդներուն։
Ան շնորհաւորեց սուրիացիները եւ «Sham Wings» օդանաւային ընկերութեան աշխատակազմը Քուէյթ-Հալէպ-Քուէյթ թռիչքի վերականգնումին առիթով, յայտնելով, որ այս մէկը առիթ պիտի ընծայէ Քուէյթ գտնուող սուրիացիներուն եւ քուէթահայերուն, որպէսզի Սուրիա այցելեն, ինչպէս նաեւ պիտի նպաստէ երկու երկիրներու՝ Քուէյթի եւ Սուրիոյ միջեւ գործակցութեան զարգացման։