Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Շաբաթ 28 Մայիս 2022- ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Ազգային Եփրատ Մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, որուն խորագիրն էր՝ «Հայաստան -Արցախ-Սփիւռք մէկ բռունցք»։
 
Հանդիսութեան ներկայ էին Պատկան Մարմինի, թաղականութեան, հոգաբարձութեան, ազգային միութենական եւ բարեսիրական մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանաւարտ աշակերտներու ծնողներ։
 
Հանդիսութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ մանկապարտիզպանուհի Մարալ Սարգիսեան-Գասապեան, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ապա յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. Հայրապետը 2022 տարին հռչակելով «Սփիւռքի տարի», լուսարձակի տակ առաւ սփիւռքի դերը հայապահպանման եւ հայակերտումի գործընթացքին մէջ, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ այդ գործընթացի խոչընդոտներուն եւ մարտահրաւէրներուն շուրջ։ «Սփիւռքը անբաժանելի մասնիկն է Հայաստանին։ Հայաստան եւ Սփիւռք միաձուլուած մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։
 
Արդարեւ, բոլորս կոչուած ենք զորավիգ կանգնելու սփիւռքին, մանաւանդ զորավիգ կանգնելու հայկական վարժարաններուն, ուր մանուկները ծանօթանալով Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած Հայոց տառերուն տառերուն, կը ստանան հայեցի, լիարժէք դաստիարակութիւն։
 
Այսօր մեր մանուկները իրենց երգերով եւ ներկայացուցած խօսքերով թարգմանը պիտի հանդիսանան հայ վարժարանի վսեմ առաքելութեան», ըսաւ ան։
 
Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգաբարձութեան , բարեսիրական հաստատութիւններուն , եւ բոլոր անոնց, որոնք սատար կը հանդիսանան եւ սլացք կուտան վարժարանի ծրագիրներու գործադրման աշխատանքին ։Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն իրենց համագործակցութեան համար։
 
Յայտագիրի առաջին մասով աշակերտները ելոյթ ունեցան շարք մը ազգային երգերով խմբավարութեամբ Հուրի Փաշայեան- Սարգիսեանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Քրիստ Միքայէլեանի ։
 
«Սփիւռքը հայապահպանման ամրոց» թատերական ներկայացումով աշակերտները հանդէս եկան տպաւորիչ եւ խորիմաստ կերպով ու ներկայացուցին սփիւռքի դերը հայ լեզուն ու հայ մշակոյթը պահպանելու մէջ յետ-եղեռնական տարիներուն։ Թատերական ներկայացումի երաժշտութիւնը համադրեց Մանուկ Դաւիթեան։
 
Հայկական եւ արաբական պարերը առաւել խանդավառութիւն ստեղծեծին եւ ծնողներու ծափողջոյնները խլեցին։ որպէս գնահատանք եւ երախտագիտութիւն մանկապարտէզի տնօրէնութեան եւ ուսուցչաց կազմին իրենց տարած հսկայ աշխատանքին։
 
Յայտագրի աւարտին Հոգեշնորհ Հայր սուրբը իր շնորհաւորութիւնները ուղղեց աշակերտներուն եւ ծնողներուն՝ ըսելով, որ այս անմեղ մանուկները ուրախացուցին մեզ եւ ցոյց տուին, որ հայը կապրի եւ կը գոյատեւէ պահելով իր մայրենի լեզուն։ Հայ լեզուն հիմնաքարն է մեր ինքնութեան ու գոյատեւման, «պահենք զայն բարձր ու վճիտ Արարատի Սուրբ ձիւնին պէս»։
 
Ապա հայր սուրբը բարձր գնահատեց հոգաբարձութիւնը, մանկապարտէզի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը եւ բոլոր անոնք, որոնք աշխատեցան հանդէսը աւարտին հասցնելու Համար։
 
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում։եւ հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին «Պահպանիչ» աղօթքով։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն