Երեւանի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ 3 Յունիսին տեղի ունեցաւ «Դիմադրութիւն» շարժման հանրահաւաքը:
 
««Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը մերժեց քննարկել երկրին համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերը», Ֆրանսայի հրապարակին վրայ յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան:
 
«Ազգային Ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին համաձայն, տակաւին 4 ժամ Ազգային Ժողովի նիստը բաց է, եւ 4 ժամ եւս կարելիութիւն կայ, որպէսզի խելքի գան եւ ժամանեն խորհրդարան եւ որպէսզի տեղի ունենայ այդ շատ կարեւոր նիստը», ըսաւ Սաղաթէլեան:
 
Իշխան Սաղաթէլեան առաջարկեց քայլերթ կատարել դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւն` այնտեղ ներկայացնելու համար պահանջներն ու ընելիքները:
 
«Առանց Նիկոլի Հայաստան» վանկարկումներով երթը ընթացաւ դէպի կառավարութիւն:
 
«Մենք կը շրջափակենք կառավարութեան բոլոր 6 մուտքերը: Ոեւէ մէկը շէնք մտնել թող չփորձէ, ոստիկանութեան հետ բախումի մէջ չենք ուզեր մտնել», յայտարարեց Իշխան Սաղաթէլեան:
 
Նշենք, որ կառավարութեան շէնքի մօտ կեդրոնացած էին մեծաքանակ ոստիկանական ուժեր:
 
«Պայքարի ելքը իշխանութիւններու հեռանալն է` ուրիշ ելք չկայ», շրջափակուած կառավարութեան շէնքին դիմաց լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան:
 
Կառավարութեան դիմաց արցախեան երեք պատերազմներու մասնակից, բժիշկ, ազատամարտիկ Տարօն Տօնոյեան կոչով դիմեց ոստիկանութեան ուժ չկիրարկելու:
 
«Մենք ծանր պարտութիւն կրած ենք, բայց հնարաւորութիւն ունինք մեր ողնայարը վերստին շտկելու: Ատոր համար ալ պարտութիւն կրած ընդհանուր հրամանատարը պէտք է հեռանայ վայրկեան առաջ: Մենք պէտք է կարենանք հայրենանուէր եւ արհեստավարժ կառավարութիւն ձեւաւորել, որ կարող է զօրքը առաջնորդել: Մէկ վայրկեան առաջ պէտք է ազատինք Նիկոլէն», ըսաւ Տօնոյեան:
 
Դիմադրութիւն շարժումի անդամները, քանի մը ժամ կառավարութեան բոլոր մուտքերը շրջափակելէ ետք, երթով քալեցին դէպի կառավարական ամարանոց:
 
Կառավարական ամարանոցի առջեւ մեծաթիւ ոստիկաններ` վահաններով եւ սաղաւարտներով զինուած, շղթայ կազմած էին:
 
Յայտնենք, որ աւելի ուշ երթին մասնակցող ցուցարարներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ տեղի ունեցան ծանր բախումներ, բազմաթիւ ցուցարարներ բերման ենթարկուեցան, արձանագրուեցան վիրաւորներ:
 
Նշենք, որ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր խմբակցութիւններու նախաձեռնած Ազգային ժողովի արտահերթ նիստը չկայացաւ:
 
Առաջին անգամ նիստը յետաձգուեցաւ չորս ժամով օրինաթիւ չապահովելու պատճառով: «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը յայտարարած էր, որ պիտի չներկայանայ խորհրդարան եւ չ՛ուզեր մասնակցիլ Արցախի հարցով Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստին: