“Արմէնփրէս”._ Սթոքհոլմի մէջ նախորդ տարի ԵԱՀԿ ամէնամեայ նախարարական խորհրդաժողովի ընթացքին ԵԱՀԿ-ի մասնակից պետութիւններուն մեծամասնութեան համաձայն, ինչպէս նաեւ շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու կողմէն յստակ ընդգծուած է ԼՂ հակամարտութիւնը ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափով բանակցութիւններու միջոցով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը:
 
Այս մասին ըսաւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու միատեղ նիստին ՀՀ 2021_ի պետական պիւտճէին մասին տարեկան հաշուետուութեան քննարկումին ընթացքին՝ ներկայացնելով ԱԳՆ 2021 թուականի գործունէութիւնը: