5 Յունիսին Ֆրանսայի հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է քննարկում՝ «Ինչպիսի Հայաստանի համար կը պայքարինք» նիւթով։
 
Քննարկումին կը մասնակցէին ՀՀ Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներ՝ Արամ Վարդեւանեան, Թադէւոս Աւետիսեան եւ Արթուր Խաչատրեան։
 
Քննարկումի ընթացքին Արամ Վարդեւանեան ըսած է, որ
Մեր մօտ կը նկատուի նահանջ ժողովրդավարութենէ, որ կը տանի դէպի բռնապետութիւն։
Պատգամաւորը նաեւ յայտնած է, թէ ինչով կ’արտահայտուի․ «Սկսեալ այն պահէն, երբ դատական իշխանութիւնը մեր մօտ կը վերածուի ոչ թէ անկախ մարմինի, այլ մարմինի, որ կը սպասարկէ օրուան իշխանութեան, գործադիր իշխանութեան կամքը, մեր մօտ կ’արձանագրուի այդպիսի նահանջ ժողովրդավարութեան տեսանկիւնէ։ Ըսել, որ նախապէս նման հարց չկար, ես նման պնդում չեմ ըներ, որովհետեւ այդ հարցը եղած է նաեւ նախապէս։ Մենք եթէ դատական համակարգի մասին ընդհանուր արժեւորում տանք, որ դատական համակարգը զարգացած է հանգրուանային, բայց բաւարար չէ զարգացած»։
 
 
Ըստ Թադէւոս Աւետիսեանին, 4 տարի առաջ իշխանութիւնները ժողովուրդին կը խոստանային ամէն ինչ. աղքատին կ’ըսէին` պիտի վերացնենք աղքատութիւնը, միջին խաւին կ’ըսէին, որ դուն աւելի լաւ պիտի ապրիս, կ’ըսէին` երջանկութիւն պիտի բերենք ընտանիքներուն, գործազրկութիւնը պիտի կրճատենք անհամեմատ, նպաստէն պիտի տանինք աշխատանք։
 
«Ես կը կարծեմ, որ ժողովրդավարութեան հիմքը բարեկեցութիւնն է, բացառուած է, որ աղքատ, վատ ապրող ընկերային բեռին տակ կքած քաղաքացին, որ կը կազմէ ազգաբնակչութեան 50 տոկոսէն աւելին, այդ երկրին մէջ ունենայ ժողովրդավարութիւն, անվտանգութիւն եւ կայուն զարգացում»:
 
Անոր խօսքով` քաղաքական դրդապատճառներէն մեկնելով իշխանութիւնը բարձր եկամուտ ունեցողներուն հարկային բեռը վերցուցին եւ դրին ցած եկամուտ ունեցողներուն վրայ` աւելի խորացնելով այդ մարդոց խնդիրը:
 
Արթուր Խաչատրեան քննադատած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին մօտեցումը միաջզգային յարաբերութիւններուն․ «Ան կը յայտարարէր, որ ժողովուրդը իրեն չէ ըսած, թե ինչ որոշում կ’ուզէ, ան կ’ըսէր, որ իրեն ընտրած է Արցախի ժողովուրդը։ Ան կը փորձէր դիմադրել, ձախողեցնել բանակցային գործընթացը։ Երբ բանակցութիւնները կը ձախողին, պատերազմ պիտի սկսի։ Ան գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ձախողեցուց բանակցութիւնները։ Ան հակամարտութեան գնաց միջազգային հանրոյթին դէմ, ան լրիւ փճացուց յարաբերութիւնները Ռուսիոյ, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներուն հետ», ըսած է պատգամաւորը։
 
Այլեւս յառաջընթաց չկայ նաեւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններուն մէջ՝ հաստատութենական տեսանկիւնէկ, իսկ ԱՄՆ-ը տակաւին երբեք Հայաստանին այդքան քիչ արտաքին աջակցութիւն չէ ցուցաբերած, որքան հիմա։ Բացի այդ, փճացուցած են յարաբերութիւնները Իրանի հետ։
 
«Պետութիւնը այսօր կանգնած է կործանման եզրին», ըսած է Արթուր Խաչատրեան։