«Հալէպի պատմութեան շարամանումը հայերու մետաքսով ու հիւսուածքով» խորագիրը կրող դասախօսութիւնը, որ մատուցուեցաւ մարդկային գիտութիւններու եւ գրականութեան համալսարանի «ԷՊԼԱ» լսարանէն ներս, ներկայացուց փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան:
 
Ձեռնարկին ներկայ էին Սուրիոյ խորհրդանի անդամներ, համալսարանի դասախօսներ, քաղաքական եւ քաղաքային տարբեր կուսակցութիւններու, կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ: