Քեսապի Ազգային Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարանի մանկապարտէզի 2021 – 2022 տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Սարդարապատ» սրահին մէջ: Ներկայ էին՝ Քեսապի Հայ Առաքելական համայնքի հոգեւոր տեսուչ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Հայ Աւետարանական համայնքի հովիւ՝ Պատուելի Շանթ Ակիշեան, Ճեմարանի Հոգաբարձութիւնը, տնօրէնութիւնը, ծնողներ, բարեկամներ եւ հիւրեր:
 
Հանդէսը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որմէ ետք մանկապարտէզի պատասխանատու Դալար Թութիկեան ողջունեց ներկաները եւ ըսաւ. «ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը 2022 տարին հռչակեց Սփիւռքի տարի, հետեւաբար փոքրիկները պիտի ներկայացնեն շրջապտոյտ մը շրջելով ցամաքամասեր եւ ծանօթանալով սփիւռքի հայահոծ գաղութներուն»: Իր խօսքի աւարտին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց ի նպաստ հայ կրթական օճախին եւ անոր բարգաւաճման Ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան իրենց նուիրական զոհաբերութեան եւ ծառայութեան համար, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին, որ միշտ լաւագոյնը կը կատարէ փոքրիկներուն լաւագոյն ուսում եւ դաստիարակութիւն ջամբելու համար:
 
Արաբերէն բացման խօսք արտասանեց Լենա Պէտուրեան:
Ապա փոքրիկները իրենց յայտագիրը սկսան երգելով մանկապարտէզի քայլերգը, որմէ ետք մանկական իրենց իւրայատկութեամբ արտասանեցին հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքեր, ապա սկսան իրենց շրջապտոյտը ցամաքամասէ ցամաքամաս։ Անոնք այցելելով իւրաքանչիւր շրջան ներկայացուցին երգեր, պարեր եւ տեղեկութիւններ անոր մասին:
Նկատի ունենալով, որ սփիւռքը Հայաստանի բաբախող սիրտն է, փոքրիկները իրենց շրջապտոյտի աւարտին հասան մեր աննման հայրենիք՝ Հայաստան, անդրադարձան Հայաստանի գեղատեսիլ եւ տեսարժան վայրերուն ու մաղթեցին, որ մեր հայրենիքը մնայ միշտ հզօր եւ աւելի բարգաւաճի. «Հէ՜յ ջան, հայրենի՛ք, որքան սիրուն ես»:
Այնուհետեւ ձեռամբ Հայր Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի, կատարուեցաւ 17 շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխումը, որմէ ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Ճեմարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Նշան Լնդեան, պարգեւատրելու մանկապարտէզէն ներս երկարամեայ ծառայութիւն ունեցողներ՝ Սօնիա Գլնճեան (30 տարի), Լենա Պէտուրեան (27 տարի):
Աւարտին Հայր Սուրբը ուղղեց իր սրտի խօսքը, շնորհաւորեց վկայեալ փոքրիկները ու անոնց ծնողները, ապա բարձր գնահատեց ուսուցչուհիներուն ժրաջան աշխատանքը, եւ անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը:
«Պահպանիչ» աղօթքով օրուան հանդիսութիւնը հասաւ իր աւարտին։
 
Թղթակից