Երկուշաբթի, 6 Յունիս 2022-ին, զինուորական աղբիւր մը ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ երեկոյեան ժամը 11։18-ին, Իսրայէլ օդային յարձակում մը գործեց սուրիական Կոլան քաղաքէն Դամասկոսի հարաւային բաժինին վրայ։ Սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Աղբիւրը աւելցուց, որ յարձակումին հետեւանքով նիւթական վնասներ արձանագրուեցան։