ԺԳ.
 
Ստորեւ կը ներկայացնեմ կարեւորագոյն մրցումները (18-ը ՀՄԸՄ ի, եւ 5-ը Հալէպի հաւաքանի խումբերուն), որոնք ճշգրիտ արդիւնքներն ու հարազատ պատկերն են ֆութպոլի նշեալ խումբերու անցեալի պատուաբեր նուաճումներուն, ըլլան անոնք 1962-ի եւ 1966-ի նախագահական բաժակի, Սուրիոյ ֆութպոլի 1965-ի առաջին ախոյեանութեան, թէ տեղական զանազան մրցաշարքերու բաժակի ճակատագրական յաղթանակներ:
 
Հալէպի հաւաքական խումբին մաս կը կազմէին ՀՄԸՄ-ական հետեւեալ եղբայրները, որոնք խումբին բանալի խաղացողներն էին. –
Անդրանիկ Սիւլիւքճեան, Մորիս Ֆաքըս, Գէորգ Աւընեան, Սամիր Ֆաքըս, Անդանիկ Մալեան, Գօգօ Քիլէճեան, Գրիգոր Սեւտալեան եւ Ճորճիկ Ռաստկելէնեան: Հետագային եղբայրներ՝ Սերոբ Մերտխանեան եւ Անդրանիկ Պահարեան եւս մաս կազմեցին հաւաքական խումբին:
 
Այս անմոռանալի մրցումներուն 44 կոլեր նշանակուած են: հետեւեալ մարզիկները եղած են առաւելագոյն կոլեր նշանակողները.
 
1-եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան (12 )կոլ :
2-եղբ. Գէորգ Աւընեան (5 )կոլ:
3-եղբ. Գօգօ Քիլէճեան (5 )կոլ:
4-Սամիր Ֆաքըս (5 )կոլ
5-եղբ. Անդրանիկ Մալեան (4 )կոլ:
6-եղբ. Գրիգոր Սեւտալեան (2)կոլ
7-եղբ. Սարգիս Աբոշ (2)կոլ
8-Մորիս Ֆաքըս (2) կոլ:
9-եղբ. Սերոբ Մերտխանեան (1)կոլ:
Ընդհ. կոլերու թիւ՝ 38։
Հալէպի հաւաքականի այլ մարզիկներ (Ահլիի) նշանակած են մնացեալ (6)կոլերը:
Կարելի է ուշադրութեամբ հետեւիլ բոլոր արդիւնքներուն եւ հաստատել վերեւ նշուած եզրակացութիւնները:
 
Սիրելի՛ ՀՄԸՄ-ականներ ու բարեկամներ,
ֆութպոլը հաւաքական խաղ մըն է ոչ թէ անհատական, ինչպէս բոլորս գիտենք: հետեւաբար կոլ նշանակելը արդիւնք է հաւաքական գործակցութեան եւ լաւ խաղարկումի: Ճիշդ է որ յաճախ կը գտնուին բացառիկ մարզիկներ, որոնք իրենց իւրայատուկ կարողութիւններուն, ֆութպոլիստի հմտութեան եւ փորձառութեան շնորհիւ կը յաջողին գեղեցիկ կոլեր նշանակել, սակայն ընդհանրապէս հաւաքական ջանքն ու աշխատանքը եւ բացարձակ գործակցութիւնը դաշտի վրայ խումբը կ՛առաջնորդեն դրական արդիւնքներու եւ տպաւորիչ յաղթանակներու:
Այսպէս եղաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի խումբը անցեալին եւ շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի համայն ընտանիքի դրական գործակցութեան, անսակարկ նուիրումին ու գործուն մասնակցութեան, խումբը յաջողեցաւ արդարացնել իր վրայ դրուած յոյսերն ու սպասումները եւ ՀՄԸՄ ի անցեալի պատմութեան էջերը հարստացնել այս անզուգական ու պատուաբեր իրագործումներով, որոնք ոսկեայ տառերով զարդարեցին ՀՄԸՄ-ի պատմութեան հարուստ ու շքեղ էջերը:
Փառք ու պատիւ ՀՄԸՄ ին: Բիւր յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք համեստութեամբ, հաւատարմութեամբ եւ ազնիւ գիտակցութեամբ իրենց դրական ներդրումը բերին եւ նպաստեցին ՀՄԸՄ- ի պայծաբացման:
 
Ստորեւ կը ներկայացնեմ նաեւ կարեւոր կարգ մը նուաճումներ, իրենց արդիւնքներով.
 
1- 1962-ի նախագահական բաժակի աւարտական, Դամասկոսի Ահլիի դէմ։ Արդիւնք 3-2 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին:
Կոլերը նշանակեցին եղբայրներ Սարգիս (Աբօշ) 2 կոլ եւ Գէորգ Աւընեան 1 կոլ (յաղթանակի կոլը):
 
2-ՀՄԸՄ – իրաքեան ոստիկանութեան խառն խումբ:
Ա. մրցում 2-1 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի:
Կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝
Գէորգ Աւընեան եւ Գօգօ Քիլէճեան:
 
3-Բ. մրցում, արդիւնք՝ 1-1: Մրցումի աւարտէն 18 վայրկեան առաջ իրաքեան խումբը դաշտէն հեռացաւ, բողոքելով իրաւարարի սուլիչին բենալթի յայտարարելուն դէմ: ՀՄԸՄ-ի խումբը յաղթական հռչակուեցաւ:
Խումբին կոլը նշանակեց եղբ. Գէորգ Աւընեան:
 
4- 1965-1966-ի նախագահական բաժակի մրցումներ.
-նախավերջին մրցում Տէր Զօրի մէջ, տեղւոյն Ղազի խումբին դէմ։
Արդիւնք 1-1: Յետ 30 վայրկեան երկարաձգումի, ՀՄԸՄ յաղթական կը հռչակուի շնորհիւ ձեռք ձգած անկիւնային (corner) ի հարուածներու, 3-2:
ՀՄԸՄ-ի հաւասարութեան կոլը, երկարաձգութեան ընթացքին, նշանակեց եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան:
 
5- 1965-1966 նախագահական բաժակի աւարտական, ընդդէմ Դամասկոսի ներքին ապահովութեան ուժերու խառն խումբին:
ՀՄԸՄ կորսնցուց այս ոսկի առիթը։
 
1964-1965 ախոյեանութեան մրցումներ.
6- ՀՄԸՄ – Ղազի Տէր Զօր, Հալէպի մէջ:
2-0 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին:
Կոլերը նշանակեց եղբ. Գէորգ Աւընեան:
 
7-ՀՄԸՄ – Հասաքէ, Հասիչէի մէջ,
0-0 հաւասար արդիւնք:
 
8- ՀՄԸՄ – Լաթաքիա ալ Ճալաա
3-0 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին:
Կոլերը նշանակեցին Սամիր Ֆաքըս, Ճորճիկ Ռաստկելէնեան եւ Անդրանիկ Մալեան:
 
9- ՀՄԸՄ – Հալէպի Ահլի,
արդիւնք 1-0 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին: Յաղթանակի միակ կոլը նշանակեց եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան: Այս մրցումը խիստ կարեւոր էր, որովհետեւ պիտի որոշէր հիւսիսային խմբակի ախոյեանը, որ իրաւունք պիտի ունենար մասնակցելու Սուրիոյ առաջին ախոյեանութեան աւարտական մրցումին:
 
10- Աւարտականի երթի մրցում, Հալէպ, Կիրակի, 14 Մարտ 1965-ին, իրարաւարութեամբ Ռաշատ Հաուասլիի:
ՀՄԸՄ ընդդէմ բանակի խառն խումբին։
Արդիւնք 1-0 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց եղբ. Ճորճիկ Ռաստկելէնեան։ Մրցումի առաջին կիսախաղին, 15 վայրկեան անց:
 
11- Աւարտական դարձի մրցում, Դամասկոսի մէջ, Ուրբաթ,19 Մարտ1965-ին, իրարաւարութեամբ Սալըմ Այմաշի:
ՀՄԸՄ բանակի խառն խումբին դէմ:
Արդիւնք 1-1,հաւասարութեան կոլը նշանակեց Մորիս Ֆաքըս, Բ. կիսախաղին: Այսպէս ՀՄԸՄ տիրացաւ ախոյեանութեան առաջին տիտղոսին, ու բաժակին, որը մինչեւ օրս մասունքի նման կը պահուի ՀՄԸՄ-ի ակումբին մէջ, բազմաթիւ բաժակներու կողքին:
 
12- 1962 – ի բամպակի բաժակ,
ՀՄԸՄ – Հալէպի Ահլի:
Արդիւնք 3-2 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի: Կոլերը նշանակեցին եղբայրներ՝ Գրիգոր Սեւտալեան 2, եւ Գօգօ Քիլէճեան 1:
 
13- 8 Մարտի բաժակի աւարտական,
ՀՄԸՄ – Հալէպի Ահլի:
Արդիւնք 3-0 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին:
Կոլերը նշանակեցին
Սամիր, Գօգօ Քիլէճեան եւ Ճորճիկ:
Իրաւարութեամբ Ռաշիտ Տաշանի:
 
14- 17 Ապրիլ 1966 անկախութեան բաժակի աւարտական:
ՀՄԸՄ – Հալէպի Ահլի:
Արդիւնք 1-1, մրցումը ընդհատուեցաւ , իրաւարարի բացայայտ կողմնակալ սուլիչներուն պատճառով, եւ որպէս հետեւանք տիրող անարդարութեան, ՀՄԸՄ-ի խումբը որոշեց հեռանալ դաշտէն, առաջքը առնելու որեւէ անախորժ դէպքի:
ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց եղբ. ճորճիկ:
 
15- ՀՄԸՄ – Արարատ
Արդիւնք 1-2 ի նպաստ հայրենի խումբին:
հՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց եղբ. Ճորճիկ, մրցումին 5-րդ վայրկեանին: Այս արդիւնքը մնաց մինչեւ 80-րդ վայրկեան, ապա խումբը 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ:
 
16- ՀՄԸՄ – Տանիմարքի կազմ:
Արդիւնք 2-1 ի նպաստ ՀՄԸՄ-ին: Կոլերը նշանակեցին Սերոբ Մերտխանեան եւ Մորիս ֆաքըս:
 
17- ՀՄԸՄ – Աբոէլ ,Կիպրոսի ախոյեան: արդիւնք 10-2:
Կոլերը նշանակեցին Մալեան (3), Ճորճիկ (3), Գօգօ Քիլէճեան (2), Սամիր Ֆաքըս (2): Երկու օր առաջ Սուրիոյ բանակի զօրաւոր կազմը նոյն խումբին դէմ դժուար յաղթանակ մը արձանագրեց (3-1) արդիւնքով:
 
18- ՀՄԸՄ Խորհրդային Միութեան ողոմպիականի խառն խումբ,
Արդիւնք 0-0:
 
Հալէպի հաւաքական
խումբի կարեւորագոյն մրցումները.
 
19- Հալէպ -Դամասկոս, հալէպի մէջ բարեմական հանդիպում։ Արդիւնք
1-1։ Հալէպի կոլը նշանակեց եղբ. Ճորճիկ:
20- Հալէպ- Լիբանան բարեկամական հանդիպում Հալէպի մէջ 1965-ին:
Արդիւնք 1-1։ Կոլը նշանակեց Ահլիի մարզիկ Սամիր Հազուաանի:
 
21- Հալէպ – Լիբանան, Պէյրութի մէջ, Դեկտեմբեր1965-ին: Արդիւնք 2-1 ի նպաստ Լիբանանի։ Հալէպի կոլը նշանակեց եղբ. Ճորճիկ։
 
22- Հալէպ -Տէր Զօրի հաւաքական կազմեր, նախավերջին մրցում 1966-ի Սուրիոյ նահանգներու հաւաքանի ախոյեանութեան:
Արդիւնք 0-0։ Փենալթիներով Հալէպ կը յաջողի 5-4 արդիւնքով յաղթանակը ապահովել:
Հալէպի կոլերը կը նշանակեն Ահլիի խաղացող Մուսթաֆա Մուճաուուազ։
 
23- Հալէպ – Դամասկոս աւարտական հանդիպում Հոմսի մէջ:
Մրցումը 1-1 արդիւնքով կանգ կ՛առնէ։ Դամասկոսի խումբը դաշտը կը լքէ առարկելով իրաւարի սուլիչին: Այսպէս Հալէպի խառն խումբը ախոյեան կը հռչակուի:
Հալէպի կոլը կը նշանակէ Սամիր Ֆաքըս:
Մրցումի միջազգային իրաւարարն էր Նատէր Մաշնուք:
Ճորճ Ռաստկելէնեան