Հովանաւորութեամբ «Պաաս» կուսակցութեան Հալէպի պետական համալսարանի քարտուղար դոկտ. Իպրահիմ Հատիտի, օրհնութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, կազմակերպութեամբ Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան, Կիրակի, 5 Յունիս 2022-ի միջօրէի ժամը 12:00-ին, Հալէպի պետական համալսարանէն ներս տեղի ունեցաւ «Հայ Մշակոյթի Շաբթուան» նուիրուած ցուցահանդէսին բացումը:
Բացման արարողութեան ներկայ էին՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Հալէպի պետական Համալսարանի ղեկավար դոկտ. Մահէր Քարման, «Պաաս» կուսակցութեան համալսարանի պատասխանատուներ, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ, Հալէպի պետական համալսարանի տարբեր ճիւղերու տնօրէններ, պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, Ազգ. Կեդր. Վարչութեան եւ Բերիոյ Թեմի Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցիչներ։
Հալէպի Համալսարանի ղեկավար դոկտ. Մահէր Քարման խօսք առնելով ըսաւ, որ հայկական մշակոյթին նոր չէ որ կը ծանօթանանք, հայերը արդէն փաստած են իրենց ներկայութիւնն ու դերը Սուրիոյ մէջ, ապա լուսարձակի տակ առաւ հայ-արաբական բարեկամութեան արմատները եւ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին հայ գիրերու գիւտին, մշակոյթին, պատմութեան նուիրուած պաստառներ ու իրեր։
Ցուցահանդէսի բացումէն ետք տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, Հալէպի բժշկական համալսարանի սրահին մէջ, դասախօսն էր՝ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան։ Ան ներկայացուց հայ մշակոյթը իր զանազան բաժիններով, ինչպէս՝ պարարուեստը, երաժշտութիւնը, թատրոնը, քանդակագործութիւնը, կերպարուեստը եւ այլն:
Երկրորդ օրուան յայտագիրը ընդգրկեց դասախօսական ձեռնարկ։ «Հալէպի պատմութեան շարամանումը հայերու մետաքսով ու հիւսուածքով» խորագիրը կրող դասախօսութիւնը մատուցուեցաւ մարդկային գիտութիւններու եւ գրականութեան համալսարանի «Էպլա» լսարանէն ներս, ներկայացուց փաստաբան Մարիա Գաբրիէլեան: Ան լուսարձակի տակ առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի բարեկամական կապերը, յայտնեց, որ հայերը Սուրիոյ մէջ ներկայութիւն էին նախքան Ցեղասպանութիւնը, իսկ Ցեղասպանութենէն ետք անոնց թիւը քառապատկուեցաւ:
Այնուհետեւ Գաբրիէլեան անդրադարձաւ յատկապէս Հալէպ քաղաքի բարգաւաճման հայութեան բերած ներդրումին, յիշեց օրինակներ՝ ճարտարագիտական, գիտական, արուեստի եւ արհեստի տարբեր ոլորտներու մէջ հայերու մուծած առաջատար նորութիւններէն, անդրադարձաւ տեղացի ժողովուրդին կողմէ հայութեան վայելած յարգանքին, հայկական անուններ կրող Հալէպի թաղամասերուն եւ  վերջին տասնամեակի Սուրիոյ պատերազմին հայերու մեծ դերակատարութեան:
Մշակութային շաբթուան վերջին օրը տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, Ճարտարապետութեան համալսարանէն ներս, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին՝ կազմակերպող կողմին երիտասարդական թատերախումբը՝ ստուերով թատրերգութիւն մը ներկայացնելով, Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ  Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի, Համազգայինի Էսդրատային նուագախումբը, գեղ. ղեկավարութեամբ տոքթ. Ռաֆֆի Ապէճեանի, ապա արաբերէն երգերով ելոյթ ունեցաւ երգիչ Վահէ Յովհաննէսեանը:
Ձեռնարկներու այս շարքը առիթ հանդիսացաւ արաբ ուսանողներուն ներկայացնելու հայ մշակոյթի տարաբնոյթ հարստութիւնները:
Անժելա Չաղլասեան