«Գ».- Ինչպէ՞ս կը դիտէք Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցը։ Թուրքիան Արցախի որոշ տարածքներու վերադարձուելուն պարագային նախապէս կը խոստանար բանալ իր սահմանները Հայաստանի հետ, բայց ցարդ չէ բացած, հակառակ անոր որ Ատրպէյճան բռնագրաւեց նշուած տարածքները։ Ի՞նչ բանի կը սպասէ Թուրքիան, նո՞ր զիջումներու, նո՞ր տարածքներու բռնագրաւման ուրեմն։
ԿՄ.- 2008-2009 թուականներուն , այսպէս կոչուած ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը բանեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, ինչ որ տեղ Թուրքիա չյաջողեցաւ,- մենք դժգոհ չենք որ չյաջողեցաւ,- աւարտին հասցնել, այսինքն՝ վաւերացնել զայն, որովհետեւ Ատրպէյճան շատ ուժեղ կերպով հակազդեց այդ գործընթացին: Թուրքիա, ըստ երեւոյթի, Ատրպէյճանի հետ անոր ակնկալած չափով չէր խորհրդակցած: Ի տարբերութիւն 2008-2009-ին, ներկայիս Թուրքիա ակնարկելով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն, ամէն օր կը յայտարարէ, որ մենք այս բոլորը կը համադրենք Ատրպէյճանի հետ:
Այսինքն այն ինչ որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ լիազօր պատուիրակները իրենց առաջին հանդիպումէն ետք  նոյնանման հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին, որուն մէջ կ’ըսուի, որ այս բոլորը կ’ընթանան առանց նախապայմաններու՝ սուտ է եւ սխալ, որովհետեւ առանց նախապայմաններու չեն ընթանար. փաստը մէջտեղն է՝ Թուրքիա կը յայտարարէ որ ես այս գործընթացը կը համադրեմ Ատրպէյճանի հետ:
Աւելին. մենք կը տեսնենք, որ Թուրքիոյ կողմէն անընդհատ ճնշում կայ, որ Հայաստան պէտք է Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորէ,  հարցերը լուծէ, որպէսզի  աւելի առաջ երթայ: Ասկէ աւելի մեծ նախապայման չի կրնար ըլլալ: Թուրքիա այս անգամ կարծէք հանգիստ է, այսինքն խնդիր չունի աճապարելու, որպէսզի այսպէս ըսուած այդ տարածքները ետ վերադարձուին Ատրպէյճանի, ինչպէս ըսիք արդէն՝ Ատրպէյճան բռնագրաւեր է այդ տարածքները եւ ուրեմն հիմա պարզապէս առիթ գտեր է Հայաստանի վրայ ճնշելու ե՛ւ Ղարաբաղի հարցով, ե՛ւ իր հետ յարաբերութիւններու հարցով, այլապէս դեռ պարզ ալ չէ իրականութեան մէջ, որ Հայաստան եւ Թուրքիա ինչի համար կը բանակցին:
Եթէ բանակցութիւններուն նպատակը ընդամէնը շրջափակումը հանելն է եւ դիւանագիտութիւններ հաստատելը, որը մեր տեսակէտով պէտք է ըլլայ,  ըսենք որ անոր համար բանակցելու շատ բանի կարիք չկայ, որովհետեւ շրջափակումը Թուրքիան ինք իրագործած է ,ինք  ալ պէտք է վերցնէ, իսկ դիւանագիտական յարաբերութիւնները հաստատելու համար պէտք չունիս տուեալ երկրին հետ բոլոր խնդիրներդ լուծելու: Աշխարհի մէջ բազմաթիւ՝ 70-80 խնդիրներ ունեցող զոյգ կողմեր կան, որոնք ունին դիւանագիտական յարաբերութիւններ, բայց անպայման իրենց միջեւ եղած խնդիրները չեն լուծած:
Թուրքիան ինք նման խնդիրներ ունի իր դրացիներուն հետ, նոյնիսկ՝ ՆԱԹՕ-ի անդամ Յունաստանի հետ, ՆԱԹՕ-ի անդամ Սպանիան ու Անգլիան ունին միացեալ հարցեր, իսկ միջազգային օրէնքի համաձայն կարեւոր չէ թէ հարցը մէ՞կ քառակուսի քիլոմեթրի մասին է, թէ՞ 10000 քառ քմ-ի մասին, եթէ վէճդ իրաւականօրէն վէճ է, ուրեմն վէճ է, հետեւաբար կարելի չէ ակնկալել, որ բոլոր հարցերը լուծուին, ԱՄՆ եւ Գանատա ալ խնդիրներ ունին, Ճափոն եւ Ռուսիա ալ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունին: Ուրեմն յստակ է նախապէս ակնարկածս, որ Թուրքիա  ինչո՛ւ կը փորձէ անպայման Ատրպէյճանի հետ այս բոլորը համադրել:
Փաստօրէն Թուրքիա կը փորձէ քանի մը հարց լուծել եւ այդ հարցերը լուծելու շուրջ է որ բանակցութիւններ տեղի կ’ունենան, այլապէս բանակցութիւնները իսկապէս որ անիմաստ են: Ինչի՞ շուրջ կը խօսին: Երեք անգամ հանդիպեր են, ինչի՞ մասին պիտի խօսին եթէ նպատակը ընդամէնը շրջափակումը վերցնելն է ու դիւանագիտական յարաբերութիւնները, բայց քանի որ Թուրքիա այլ հարցեր կը փորձէ լուծել, ինչպէս նախապէս՝ երեսուն տարուան ընթացքին, Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր ալ միշտ փորձած է, հիմա ալ կ’ենթադրեմ որ նոյնն է:
Պարզ է, որ Հայաստանի այս իշխանութիւնը եթէ ուզէ ալ, որպէս պարտուող կողմ, որպէս պարտուող քաղաքական ուժ, չի կրնար իսկապէս դիմադրել Թուրքիոյ այս ճնշումներուն: Մէկ բան այստեղ պէտք է նաեւ արձանագրել, որ կայ տպաւորութիւն, թէ Ռուսիա շատ խանդավառ է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացումով:
Այստեղ նրբութիւն մը կայ, ես կը կարծեմ որ Ռուսիա չ’ուզեր որ 2008-2009-ի նման Հայաստան-Թուրքիա ինչ որ գործընթաց ըլլայ, որմէ ինք տեղեակ չըլլայ, որուն վրայ ինք ոչ մէկ ազդեցութիւն ունենայ:  2008-2009-ին այդպէս էր, ատիկա լրիւ ամերիկեան ծրագիր էր եւ այդ ծրագիրին համաձայն ալ առաջ գնաց այդ գործընթացը:
Ներկայիս Ռուսիա չ’ուզեր նոյն կացութեան մատնուիլ: Միւս կողմէն Ռուսիա կ’ուզէ հնարաւորինս իր ազդեցութեան տակ, առնուազն մօտ պահել Ատրպէյճանն ու Թուրքիան եւ ատոր համար ալ կ’ուզէ ցոյց տալ, որ ինք իրենց համար գլխացաւ մը լուծել կը փորձէ Հայաստանի վերաբերեալ:
Այդուհանդերձ ես չեմ կարծեր որ իրականութեան մէջ Ռուսիա կ’ուզէ որ յարաբերութիւնները Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այնքան լաւ ըլլան, որ Կիւմրիի մէջ գտնուող թիւ 102 ռազմակայանը դուրս ելլէ, անոր գոյութիւնը իմաստ չունենայ այլեւս, որովհետեւ այդ ռազմակայանը այնտեղ է հրաւէրովը ՀՀ առաջին նախագահին, որուն նոյնիսկ ոմանք կը մեղադրէին ռուսատեացութեան մէջ՝ թրքասիրութեան իբրեւ արդիւնք,  սակայն Լեւոն Տէր Պետրոսեան ամէն ինչ փորձեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու, վերջաւորութեան եզրակացնելու համար որ Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիքը Թուրքիան է, այդ պատճառով ալ դիմեց Ռուսիոյ, որպէսզի այդ ռազմակայանը հաստատուի:
Հետեւաբար չեմ կարծեր, որ Ռուսիա փափաքի որ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները այնքան լաւանան, որ այդ ռազմակայանի անհրաժեշտութիւնը չզգացուի, ըսի սակայն, որ չ’ուզեր իր հակակշիռէն դուրս գործընթաց մը ըլլայ եւ կ’ուզէ ինք ազդել այդ գործընթացին վրայ, որպէսզի երբ եւ ինչպէս ուզէ կանգնեցնէ կամ յառաջ մղէ զայն:
(շար. 2 եւ վերջ)
Հարցազրոյզը վարեց
Վեհան Պարսումեան