Հայաստանի քաղաքական ներքին անցուդարձերուն շուրջ «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ ՀՅԴ բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի հետ: Ստորեւ կը ներկայացնենք զայն.
«Գանձասար».- Շաբաթ մը առաջ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ հանդիպումի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նկատելի էր, որ բոլոր կողմերուն համար տարածաշրջանային ապաշրջափակումը կամ սահմանազատումն ու սահմանագծումը ընդհանուր առաջադրանքներ են: Յայտարարութեան մէջ սակայն նկատելի էր, որ օգտագործուած էր Ղարաբաղ եզրոյթը, փոխան Լեռնային Ղարաբաղի, իսկ Արցախի բնակչութեան անդրադարձ կ’ըլլար որպէս Էթնիք խումբ, որուն իրաւունքները պէտք է յարգուին։ Էթնիք կը նշանակէ երկրի մը մէջ փոքրամասնութիւն։ Միւս կողմէ Միացեալ նահանգներու դեսպանը Երեւանի մէջ կը շեշտէր, որ Ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը առանցքային գործօն է, սակայն այս նպատակին հասնելու համար միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ սկզբունքը չէ։ Մինչդեռ Հայաստան զիջած կը թուի ըլլալ Արցախի իրաւունքներու պաշտպանութենէն յանուն ապաշրջափակման ծրագրի իրագործման։ Այս հակասութիւնները ինչի՞ արդիւնք են եւ ո՞ւր կ’առաջնորդեն Հայաստանն ու Արցախը։
Կիրօ Մանոյեան.- Նախ կ’ուզեմ պզտիկ ճշդում մը ընել: Արտաքին աշխարհէն հնչող կարծիքները հակասութիւններ չեն, բացի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հնչող տեսակէտներէն, եթէ անոնց հետ համեմատենք ձեր ըսածները: Երանի ԱՄՆ-ի դեսպանը այդպիսի բան ըսած ըլլար, առանցքային բառը գործածած ըլլար, ըսած է որ իրենց ճակատագրի որոշման մէջ դերակատար ըլլալու իրաւունք ունին, այսինքն ոչ թէ իրենք պիտի որոշեն, դերակատար պիտի ըլլան, քովի դրացին ալ կրնայ դերակատար ըլլալ:
Երանի առանցքային ըսած ըլլար, առաւել ալ, ձեր ըսածին պէս, յիշեր է անպայման որ ատիկա միակ սկզբունքը չէ, որուն հիման վրայ պիտի որոշուի, այսինքն աւելի մանրացնել փորձեր է այդ իրաւունքի հարցը: Ընդհանուր առմամբ հետեւեալն է պատկերը. արտաքին շատ ուժեր, որոնց մէջ կան բոլորը, այսինքն՝ ե՛ւ դաշնակից, ե՛ւ թշնամի, ե՛ւ բարեկամ համարուող ուժեր, տեսնելով Հայաստանի տկարութիւնը կ’ուզեն այս առիթէն օգտուիլ եւ Հայաստանի կամ հայութեան կողմէ այսպէս ըսուած՝ գլխացաւերէն, ազատիլ:
Ուրեմն բոլոր ջանքերը իրականութեան մէջ այդ ուղղութեան վրայ կեդրոնացած են: Եւրոպայի մէջ կամ Պրիւքսէլի յայտարարութեան մէջ «Ղարաբաղ» գործածելը լրիւ Ատրպէյճանի տեսակէտին համահունչ է եւ Ատրպէյճանը կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղ քաղաքական կազմաւորում-միաւորում չկայ այլեւս եւ ինքը բազմիցս կոչեր ուղղած էր արտաքին աշխարհին, որ յանկարծ չսխալիք Լեռնային Ղարաբաղ ըսելով եւ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահը սուսիկ-փուսիկ մտիկ ըրած ու գործադրած էր:

Անշուշտ հոն ինքնին խնդիրներ եւ հակասութիւններ կան: Փաշինեան յայտարարեց,- մենք հրապարակելի

գրութիւններու ամէն մանրամասնութիւններուն շուրջ չէ որ համաձայնած էինք, Շառլ  Միշէլ ինքը գրեց, տեղեակ չեմ, թէ որքան լաւ բանաձեւուած է,- մինչ այդ Շառլ Միշէլի գրասենեակէն ալ յայտարարեցին, որ երեք հարցի մասին գրած է Շառլ Միշէլը եւ երեքն ալ համաձայնեցուած են: Այս հակասութիւններն ալ իրենց հերթին, իսկ այն, որ արտաքին ուժերը համաձայն են  Հայաստանի ներկայ թոյլ վիճակէն օգտուելու. կան ուժեր, որոնք զիրար կ’ամբողջացնեն՝ Արեւմուտքը ընդհանրապէս մէկ է, Ռուսաստանը մէկ է, Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը մէկ են, բայց այս արտաքին ուժերը ամէն մէկը իր շահերէն մեկնած ի վերջոյ նոյն բանը կը փորձեն ընել, կը յուսան ընել՝ ներկայ Հայաստանի թոյլ իրավիճակէն օգտուիլ եւ օգտուելու յանձնառութիւն ունին կարծէք Փաշինեանէն, որ արտաքին ուժերուն ամէն բան կը խոստանայ:

Արդէն տեսանք պարզ հակասութիւնը, որ իր եւ Շառլ Միշէլի միջեւ մէջտեղ ելաւ: Ես կը կարծեմ որ այս բոլորին բաւարարել փորձելու իր ձգտումը, որուն միակ նպատակը ինքն իր իշխանութիւնը պահելն է, որ յանկարծ մէկը իր իշխանութիւնը երկրին մէջ աւելի թուլացնելու կամ տապալելու համար բան չընէ: Ի վերջոյ սակայն, ես չեմ կարծեր որ ատիկա երկար կրնայ տեւել:
Ի վերջոյ դուրսի ուժերը անպայման պիտի սկսին ըսել որ չհասկցանք՝ մեզի մէկ բան ըսաւ, միւսին ուրիշ բան ըսեր է: Հիմա համահունչ կրնան թուիլ ըսուածները, բայց տարբեր պատճառներով հակասութիւնները սկսած են մէջտեղ ելլել:
«Գ.»«Դիմադրութիւն» շարժման օրէ օր կը միանան մտաւորականներ, քաղաքացիներ, սակայն կայ ժողովուրդի տոկոս մը, որ դէմ ըլլալով ներկայ իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան, անձայն կը մնայ։ Ժողովուրդը որքանո՞վ իրազեկ է հայրենիքին սպառնացող վտանգներուն, իսկ օրհասական այս պահերուն ընդդիմութեան շարժումը ի՞նչ առաջարկներով կը ներկայանայ մեր ժողովուրդին՝ կասեցնելու պատերազմի պարտութենէն ետք մեր պետութեան անկումը ու Հայաստանի տարածքային կորուստները։
ԿՄ.- 2- Երկրորդ բաժինէն սկսիմ. «Դիմադրութիւն» շարժումին կողմէ այս վերջին մէկ ամսուան ընթացքին՝ Ֆրանսայի հրապարակ ըլլալէ ի վեր, ներկայացուեցան ժողովուրդին այն սկզբունքները, մօտեցումները, որոնց հիման վրայ այս իշխանութեան հրաժարելէն ետք, կարելի կ’ըլլայ պետութիւնը ոտքի կանգնեցնել, բանակը կազմակերպել եւ ընդհանրապէս պետական կառավարման համակարգը աշխատցնել, որովհետեւ այսօր, իրականութեան մէջ, պետական կառավարման համակարգն ալ բնականոն ձեւով չ’աշխատիր եւ միակ լծակը, որ այս քաղաքական խումբը ունի իր իշխանութիւնը պահելու այդ ալ ոստիկանութեան այսպէս կոչուած պերետաւորներն են՝ կարմիր կամ սեւ, որոնց աշխատավարձը շատ բարձրացուցած է վարչապետը եւ այդ ձեւով կը փորձէ ընդհանրապէս ժողովուրդին մէջ վախ տարածել, յատկապէս թիրախաւորելով այդ ցոյցերուն կամ անհնազանդութեան արարքներուն մասնակցողները, լրիւ մոռնալով որ իրենք այդ ճամբով ի վերջոյ եկան  իշխանութեան, իրենք գործադրեցին եւ իրենք օգտուեցան այդ բոլոր հնարաւորութիւններէն, որ օրէնքը կը թոյլատրէ:
Հիմա իրենք օրէնքի խախտումով կը փորձեն այդ իրաւունքները ընդդիմութեան ձեռքէն առնել: Ըսիք որ կայ ընդլայնում շրջանակի, այո՛, կայ, բայց կը կարծեմ որ այն աստիճան տակաւին, որ ըսենք թէ արդէն հասած է իր առաւելագոյնին, տակաւին տեղ ունի աճելու, տարբեր շրջանակներ՝ սկսած անհատ քաղաքացիներէ, որոնք դժգոհ են այս իշխանութիւններէն մինչեւ տարբեր քաղաքական կամ այլ դէմքեր, որոնք եւս դժգոհ են իշխանութիւններէն, տարբեր-տարբեր պատճառներով, կը կարծեմ, առայժմ տակաւին դուրս չեն եկած, դուրս չգալ չի նշանակեր որ չեն համակրիր այս շարժումին, բայց համակրանքը ինքնին բաւարար չէ, որպէսզի շարժումը իր ազդեցութիւնը մեծցնէ:
Այդ պատճառով ալ եթէ քիչ մըն ալ զարգանայ եւ այդ անհատ քաղաքացիներն ու տարբեր շրջանակները տեսնեն որ լաւ է, ճիշդ է, ի վերջոյ երթալու է Փաշինեանը, իրենք շատ աւելի գործունեայ կը դառնան: Իսկ ծրագիրներուն գծով պէտք է նկատի ունենալ, որ  մէկ կուսակցութեան կամ մէկ քաղաքական ուժի կամ անձի քաղաքական պայքար չէ սա,  այլ՝ երկիրը փրկելու հարց է: Այդ մասին խօսած էր նաեւ Ռաֆֆի Յովհաննիսեանը, որ կարելի չէ ըսել որ այս շարժման առաջնորդներէն է, բայց առողջ կերպով գնահատելով իրավիճակը, ըսած էր որ ասիկա արդէն նախկինները սիրել-չսիրելու կամ ներկաները սիրել-չսիրելու հարց չէ, եւ որ երկիրը վտանգուած է:
Յայտարարուեցաւ որ օրինակի համար յաջորդ իշխանութիւնը պէտք է որ կազմուած ըլլայ ատակ, մասնագէտ եւ հայրենասէր մարդոցմէ, որոնց քաղաքական պատկանելիութիւնը չէ որ պիտի որոշէ թէ ո՛վ, ի՛նչ պիտի ընէ: Երկրորդ յայտարարուեցան նաեւ այն սկզբունքները, որոնց հիման վրայ պիտի ընթանան բանակցութիւնները, որպէսզի երկիրը դուրս գայ այս իրավիճակէն, սկսի որոշ չափով ոտքի կանգնիլ, քիչ մը աւելի ուշ նաեւ զօրանալու յոյսով, բանակը կազմակերպուի, որովհետեւ հիմա ցաւօք մեր բանակը կազմալոյծ վիճակի մէջ է, այնպէս չէ որ զինուոր չկայ, զօրանոց չկայ, զինուորը կայ, զօրանոցը կայ, բայց կարգին կառավարող չկայ:
Արդէն երկու ամիս է որ գլխաւոր շտապը, այսինքն զինուորականներէ բաղկացած ղեկավար մարմինը ղեկավար չունի: Պէտք է վարչապետը նշանակած ըլլար, սակայն ինչ-ինչ պատճառներով չէ նշանակած ու ներկայացուած են այնպիսի մօտեցումներ, թէ թշնամիներուն հետ կարելի պիտի ըլլայ շփումները կարգաւորել: Քանի մը օր առաջ ե՛ւ Երեւանի մէջ, ե՛ւ Ստեփանակերտի մէջ, ինչ որ շատ կարեւոր էր, ժողովուրդը իր տեսակէտը լսելի դարձուց:
Ստեփանակերտի մէջ մինչեւ հիմա տեղի չէր ունենար նման բան, որովհետեւ ռազմական դրութիւն էր, այս անգամ Մայիս 28-ին առիթով ռազմական դրութեան սահմանափակումները մէկ կողմ դրուեցան եւ ժողովուրդը կրցաւ հրապարակաւ իր տեսակէտը յայտնել:
Հիմա արդէն մեծ քարոզչական պայքար կայ իշխանութիւններուն կողմէ, որուն լծուած են գոնէ մէկ, երկու, երեք անհատներ, փոքր շրջանակներ Սփիւռքէն եւս աջակցելու իշխանութիւններուն, ըսելու որ  թիւը քիչ է, շարժումը կը մարի եւ այլն: Ամէն պարագայի ըսածս այն է, որ կը փորձեն  վարկաբեկել շարժումը, բայց այդ ցոյց կու տայ որ  անհանգիստ են, այդ պատճառով է որ կը փորձեն խանգարել:
Կը կարծեմ որ շատ հեռու չէ պահը, երբ արդէն այսպէս կոչուած քրիթիքական զանգուած կը գոյանայ եւ սկսած ոստիկանութեան պերետաւորներէն մինչեւ հիմա հանգիստ նստած այլ շրջանակներ արդէն կը սկսին աւելի ճիշդ եւ յստակ դիրքորոշում ունենալ:
(շար.1)
Հարցազրոյցը վարեց
Վեհան Պարսումեան