«Դիմադրութիւն» շարժումի մասնակիցները այսօր՝ 9 Յունիսին անհնազանդութեան ցոյց իրականացուցած են Երեւանի մէջ։ Անոնք հաւաքուած են Ֆրանսայի հրապարակին վրայ, ապա երթ սկսած են դէպի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնք:
 
Երթին մասնակիցներու ձեռքին կային «Նիկոլը մեզ չի´ ներկայացներ», «Արցախը պէտք է մնայ հայկական», «Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», «Նոր յանձնողականութիւն պիտի չըլլայ» եւ այլ գրութիւններով պաստառներ։
 
«Դիմադրութիւն» շարժումի երթը մօտեցաւ նախարարութեան շէնքը, ուր նախատեսուած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի ու Արարատ Միրզոյեանի հանդիպումը, ապա նաեւ միատեղ ասուլիսը։
 
Նախարարութեան շէնքին մօտ մեծաքանակ ոստիկաններ բերուած էին, որոնք փակած էին շէնքին մուտքը։
 
ՀՀ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան շէնքին դիմաց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց, որ
յստակօրէն թող բոլորը իմանան՝ այդ հողատուին հետ որեւէ համաձայնութիւն առոչինչ է․
«Մենք կը գտնուինք ԱԳՆ դիմաց, քիչ յետոյ շէնք պիտի ժամանէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Լաւրովը․ նախ՝ կ’ըսենք բարով եկած էք մեր երկիր, բայց մենք հոս ենք շատ յստակ մեր ուղերձը փոխանցելու մարդոց, որոնք կը ներկայանան ՀՀ իշխանութիւնը, դուք բանակցութիւններ կը վարէք, իրենք կապ չունին հայ ժողովուրդի կամքին եւ դիրքորոշումին հետ, իրենց հետ ձեռք բերուած որեւէ համաձայնութիւն առոչինչ է, որովհետեւ իրենք չունին հովանաւոր ժողովուրդի կողմէ երկիրը նոր զիջումներու տանելու: Այսօր մեր նպատակը շէնք շրջափակելը չէ, մեր նպատակը ուղերձները հասցնելն է, ըսել, որ ինչքան ալ փորձեն ներկայացնել, թէ Հայաստանի մէջ ճգնաժամ չկայ՝ ճգնաժամ կայ ու, առհասարակ, ՀՀ ժամանող որեւէ պատուիրակութիւն ժողովեւրդին շունչը պէտք է տեսնէ ու զգայ, բոլորը պէտք է տեղեակ ըլլայ հրապարակկն վրայ ժողովուրդի ներկայացուցած օրակարգի մասին»», ըսաւ ան։
«Արցախ, Արցախ», «Առանց Նիկոլ Հայաստան»՝ վանկարկեցին ցուցարարները։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեան ռուսերէնով դիմեց Ռուսիոյ ԱԳՆ ղեկավար Լաւրովին․
«Յարգելի Սերկէյ Վիքթորի, հայ ժողովուրդը կ’ողջունէ Ձեր այցը Հայաստան, բարի գալուստ Երևան։ Սակայն մենք պթտք է այսօր արձանագրենք, որ այն մարդոց խումբը, որ այսօր կը գտնուի իշխանութեան ղեկին, միայն ձեւականօրէն կը հանդիսանայ իշխանութիւն, անոնք այլեւս չեն ներկայացներ հայ ժողովուրդի ու Արցախի հանրապետութեան ժողովուրդի շահերը», այս մասին ՀՀ ԱԳՆ շէնքին մօտ ցոյցի ատեն ըսաւ :
 
«Ռուսիան եղած է եւ կը մնայ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի գործընկերը, եղբայրական երկիրը, բայց միաժամանակ մենք բոլորս գիտենք, որ վերջին 4 տարուան ընթացքին այս մարդոց խումբը ըրած է կարելի ամէն բան, որպէսզի վտանգէ հայ-ռուսական յարաբերութիւնը, եւ սա փաստ է։ Մենք, սակայն, վստահ ենք , որ մօտ ժամանակներս, երբ այդ խմբաւորումը այլեւս պիտի չըլլայ իշխանութիւն այդ վտանգները պիտի չեզոքանան եւ Հայաստանը պիտի ըլլայ ուժեղ երկիր , Արցախի ու արցախցի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն անվտանգութեան իրական երաշխաւորը: Կրկին արձանագրենք , որ սոյն խմբաւորման անդամները, որոնք այս պահուն կը գտնուին ԱԳՆ շէնքին մէջ, կը ներկայացնեն բացառապէս իրենց շահերը, ոչ թէ՝ հայ ժողովուրդին։ Նոյնիսկ, եթէ անոնք խոստանան ստորագրել բազմատեսակ փաստաթուղթեր, որոնք իրաւաբանական որեւէ ուժ չեն ունենար։ Անգամ մը եւս կ’ողջունենք պարոն Լաւրովը ու կ’ըսեմ՝ «Առանց Նիկոլ Հայաստան»։
 
Այս հողատուի հետ որեւէ բանակցութիւն ու համաձայնութիւն առոչինչ է։ Մենք մեր ռազմավարական դաշնակիցին հետ ունինք օրակարգ, ունինք բազմաթիւ հարցեր, որոնք միասին պէտք է քննարկենք եւ լուծում տանք, բայց պէտք է ըլլայ առանց Նիկոլի։ Նիկոլը չ’արտայայտեր հայ ժողովուրդի կամքը եւ դիրքորոշումը, ան կապ չունի մեզի համար կենսական անհրաժեշտութեան առաջնահերթ հարցերու եւ սկզբունքներու հետ, ինքը դաւաճան է եւ չունի հովանաւոր ժողովուրդի կողմէ», յայտարարեց Սաղաթէլեան։
 
Սաղաթէլեան ըսաւ, որ իրենց խօսքը յայտարարութիւններու միջոցով փոխանցեցին Լաւրովին, հետեւաբար, նպատակայարմար չեն գտներ շարունակել մնալ ԱԳՆ շէնքին մօտ։
 
«Կ’ուղղուինք Ֆրանսայի հրապարակ, ուր 19։30-ին ունինք կարեւոր հանրահաւաք», ըսաւ Իշխան Սաղաթէլեան։