“Էրմէնիհապեր”._Ներկայիս Թուրքիոյ վարչատարածքային կազմին մէջ գտնուող Վան նահանգի Տուշբա (Տուշպա) շրջանին մէջ 12 Յունիսին՝ ժամը 21։35-ի սահմաններուն երկրաշարժ գրանցուած է։
 
5.3 մագնիուտ ուժգնութեամբ ստորգետնեայ ցնցումները զգացուած են նաեւ հարակից նահանգներու մէջ։ Երկրաշարժի էպիկեդրոնը գտնուած է 18․89 քմ խորութեան վրայ՝ Վանայ լիճի տարածքին։
 
Թուրքիոյ Պօղազիչի համալսարանի Քանտիլի դիտակայանի երկրաշարժներու ուսումնասիրութեքն հիմնարկի արժեւորումով երկրաշարժը եղած է 5 բալ։
 
Թուրքիոյ աղէտներու եւ արտակարգ իրավիճակներու կառավարման վարչութեան(AFAD) փոխանցած տեղեկութեան համաձայն, առայժմ երկրաշարժի պատճառով լուրջ վնասներու մասին որեւէ հաղորդում չկայ։ Սակայն ընդդիմադիր լրատուականներու հաղորդումով Էրջիշի (Արճէշ) շրջանի մէջ քանի մը տան պատերու վրայ ճաքեր յառաջացած են։
 
Նշենք, որ ՀՀ Արտակարգ Իրավիճակներու Նախարարութեան Սեյսմիկ պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան սեյսմոլոկիական ցանցը յայտնած էր, որ 12 Յունիսին, տեղական ժամանակով ժամը 22:35-ին (Գրինիչի ժամանակով ժամը 18:35-ին) գրանցած է հիւսիսային լայնութեան 38.72⁰ եւ արեւելեան երկայնութեան 43.56⁰ աշխարհագրական դիրքով` Թուրքիա` Վան քաղաքէն 30 քմ հիւսիս-արեւելք, օչախի 10 քմ խորութեամբ, 5․0 մակնիթուտով երկրաշարժ:
 
Ըստ աղբիւրին, էպիկեդրոնային գօտիին մէջ ստորգետնեայ ցնցումի ուժգնութիւնը կազմած է 6-7բալ: Երկրաշարժը զգալի դարձած է Երեւանի եւ Արարատի մարզին մէջ՝ 2-3 բալ ուժգնութեամբ: