8 Յունիսին, Հալէպի ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան խորհրդական, հիւպատոս Բաբգէն Պատալեան քաղաքավարական եւ ճանաչողական այցելութիւն կատարեց Հալէպի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութիւն՝ հանդիպելով Հալէպի ԻԻՀ գլխաւոր հիւպատոս Նաւապ Նուրիին:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան միջազգային հրատապ հիմնահարցեր եւ յատուկ անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումներուն:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ հայ-իրանական յարաբերութիւններուն շուրջ՝ կարեւոր համարելով անոնց հետագայ խորացումը տարբեր ոլորտներու մէջ։
Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ պահպանելու սերտ յարաբերութիւնները Հալէպի ՀՀ եւ ԻԻՀ գլխաւոր հիւպատոսութիւններուն միջեւ: