Ուրբաթ, 10 Յունիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ առաւռտեան ժամը 4:20-ին, Իսրայէլ Կոլանէն բազմաթիւ հրթիռներ արձակեց Դամասկոսի ուղղութեամբ։ Սուրիական բանակին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրին հրթիռներուն եւ վար առին անոնց մեծամասնութիւնը։
Յարձակումին հետեւանքով արձանագրուեցան 1 վիրաւոր եւ նիւթական բազմաթիւ վնասներ։