“Երկիր”._Եւրոխորհրդարանը զեկոյց հրապարակած է Արեւելեան գործընկերութեան տարածաշրջանի մէջ անվտանգութեան հարցերու առնչութեամբ։ Զեկոյցին մէջ, ի թիւս այլ բաներու, նշուած է, որ Ատրպէյճանի կողմէն հրահրուած 44-օրեայ հակամարտութիւնը փոխած է նախկին վիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ յանգեցուցած է հազարաւոր զոհերու եւ տեղահանուածներու։
 
Զեկոյցին մէջ կրկին նշուած է Մայիս 2021_ին ընդունուած Եւրոխորհրդարանի բանաձեւը, որ կը պահանջէ Ատրպէյճանէն անյապաղօրէն եւ անվերապահօրէն ազատ արձակել բոլոր հայ գերիները։
 
Զեկոյցին մէջ ընդգծուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չէ լուծուած։ Եւրոխորհրդարանը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին շարունակուող լարուածութեան առնչութեամբ եւ կը յիշեցնէ, որ մարտին վնասուած է Լեռնային Ղարաբաղ կազ մատակարարող մայր կազատարը եւ անիկա մնացած էր առանց ուժանիւթակիրի հասանելիութեան։
 
Եւրոխորհրդարանը յայտնած է մարդասիրական հարցերու լուծման կարեւորութիւնը, ներառեալ գերիներու եւ կալանաւորներու լիակատար ազատ արձակումը, անյայտ կորածներու ճակատագիրի լուծումը, ականազերծման խթանումը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ խաղաղ բնակչութեան անվտանգ եւ ազատ տեղաշարժի ապահովումը եւ հակամարտութենէն տուժած բնակչութեան օգնութիւն տրամադրելը: