Սուրիոյ հարցով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանդր Լաւրենտեւ արձագանգած է Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ հաւանական զինուորական գործողութեան:
Ըստ շրջանառուող լուրերու, Թուրքիա կը պատրաստուի Սուրիոյ  մէջ զինուորական գործողութեան, որ ուղղուած պիտի ըլլայ քրտական ուժերու դէմ:
«Մենք կը կարծենք, որ այդ խելամիտ քայլ չէ, քանի որ կրնայ իրավիճակը ապակայունացնել», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ Մոսկուա Անգարային կոչ կ’ուղղէ հրաժարելու այդ քայլէն եւ փորձելու հարցը լուծել  քաղաքական միջոցներով:
Գրեթէ նոյնաբովանդակ յայտարարութիւն տարածած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տիմիթրի Փեսքովը՝ զգուշացնելով Անգարան, որ այս ամէնը չի նպաստեր Սուրիոյ ապահովութեան եւ կայունութեան: