FLYONE ARMENIA hայկական առաջին ազգային լո քոսթ օդանաւի ընկերութիւնը 16 Յունիսէն սկսեալ դէպի Լիբանան կանոնաւոր չուերթերներու իրականացումը։ Երեւան – Պէյրութ – Երեւան երթուղիով առաջին չուերթը դէպի «Զուարթնոց» օդակայանէն Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրիի անուան միջազգային օդակայան կ՛իրականացուի Հինգշաբթի՝ 16 Յունիսին։ Այնուհետեւ ընթացք պիտի առնէ շաբաթական երկու չուերթ՝ Երկուշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերուն: Չուերթները կ՛իրականացուին «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն՝ յարմար չուացուցակով եւ իւրաքանչիւրին համար մատչելի գինով։
 
«Մենք անհամբերութեամբ կը սպասենք FLYONE ARMENIA ընկերութեան կողմէն դէպի Պէյրութ չուերթներու իրականացումը։ Անիկա մեզի համար կարեւորագոյն իրադարձութիւն է։ Կարելիութիւն է իրար աւելի ամուր կապելու մեր երկու բարեկամ ժողովուրդները, հասանելի դարձնելու ճամբորդական կարելիութիւնները թէ՛ զբօսաշրջիկներու, թէ՛ գործարարներու, թէ հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն համար։ Մենք պիտի ընենք մատչելին, որպէսզի այս չուերթները պահանջուած ըլլան մեր ուղեւորներուն համար», ըսուած է FLYONE ARMENIA օդանաւի ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Արամ Անանեան։
 
FLYONE ARMENIA ընկերութիւնը հիմնադրուած է 2021_ին։ Ներկայիս չուերթներ կ’իրականացնէ դէպի Փարիզ, Լիոն, Մոկուա, Սթանպուլ, Սոչի եւ Թիֆլիս քաղաքներ։ Ընկերութեան օդանաւային պարկը բաղկացած է Airbus A320 եւ Airbus A319 օդանաւներէն։