Քանատայի մէջ գործող Զօրեան հիմնարկի երազները իրականութիւն դարձած են։Քանատայի Զօրեան հիմնարկը 2015_ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, գործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած էր Հայաստանի մէջ գործող Պարս Մետիա մշակութային հիմնադրամի հետ «Արշալոյսի Լուսաբացը» խորագիրով Աւրորա Մարտիկանեանի (Արշալոյս Մարտիկանեանի) կեանքի մասին շարժապատկերային վաւերագրական ֆիլմ ստեղծելու նպատակով։ Պատմութիւնը եւ նիւթը հիմնուած են Աւրորայի եւ վերջինիս քաղաքէն վեց այլ վերապրածներու վկայութիւններուն վրայ, որոնք նկարահանուած էին Ամերիկայի Զօրեանի հիմնարկի կողմէն 29 Յունուար1984_ին։
«Արշալոյսի Լւսաբացը» ֆիլմը կեանքի կոչուած է «Հայաստանի Զօրեան Հիմնարկ» հետազօտութիւններու եւ զարգացման միջազգային հիմնադրամի պատասխանատուներու գիտական աջակցութեան եւ նոյն հիմնարդրամի բանաւոր պատմութեան արխիւի շնորհիւ։
Ֆիլմը նկարահանուած է Վարդան Յովհաննիսեանի եւ Իննա Սահակեանի ղեկավարութեամբ գործող Պարս Մետիայի, Gebrueder Beetz Filmproduktion & Artbox Laisvalaikio Klubas-ի կողմէն, Eurimages-ի, Հայաստանի Զօրեան Հիմնարկի եւ Հայաստանի ազգային կինոկեդրոնի տնտեսական գործակցութեամբ, եւ Lithuanian Film Center, ZDF/ARTE, Հայաստանի հանրային հեռուստաընկերութեան եւ LRT աջակցութեամբ։ «Արշալոյսի Լուսաբացը» ֆիլմի համաշխարհային նախապատրաստական տեսահոլովակը տեղի կ’ունենայ միւս շաբաթ հեղինակաւոր Annecy International Animation Film Festival_ի փառատօնի ընթացքին։
«Հայաստանի Զօրեան Հիմնարկ» հետազօտութիւններու եւ զարգացման միջազգային հիմնադրամ